- Յունիս 12ին, Երեւանի մէջ բացումը եղաւ Աւ. Իսահակեանի արձանին։ Այս առթիւ խօսած են գրագէտներ եւ պետական դէմքեր։ Բանաստեղծ Գեղամ Սարեան յայտարարած է ի մէջ այլոց. - «Միայն կրանիտից չէ կերտուած այս արձանը։ Այն ստեղծագործուած է մեր ամբողջ ժողովուրդի եռանդով, նրա սիրոյ եւ երախտագիտութեան ջերմ զգացմունքներով, նրա ջերմ սրտի բաբախումներով»։

- Հայկական նշանաւոր անուշ գինիներու շարքը «Ախթամար» եւ «Հոկտեմբերեան Սլացք» նոր գինիներով հարստացած է։ «Ախթամար» կը պատրաստուի Սեւանի եզերքը գտնուող նոյնանուն հիւրանոցին մասնաւոր դիմումով եւ կը զանազանուի իր արտակարգ անուշ հոտով։ «Հոկտեմբերեան Սլացքի» ըմպելին ¥շատ անուշ գինին¤ մեծապէս կը գնահատուի հասկցողներէն։ Գինեգործութիւնը Հայաստանի սննդեղէնի արդիւնաբերութեան ամէնէն զարգացած ճիւղերէն մէկն է։ Հանրապետութիւնը ամէն տարի աւելի քան չորս միլիոն տեքալիթր եւ յիսուն տարբեր տեսակի գինիներ կþարտադրէ։ Անոնցմէ շատերը ոսկիէ ու արծաթէ մետալներու արժանացած են միջազգային տօնավաճառներու եւ ցուցահանդէսներու մէջ։

- Դաշնակցային Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն վերջ, Հայաստան երրորդ հանրապետութիւնն է, որ Խոր. Միութեան մէջ հրատարակուող բոլոր գիրքերէն, թերթերէն եւ հանդէսներէն օրինակներ պահպանելու պարտադիր իրաւունքը ստացած է։ Այդ հրատարակութիւնները պիտի ուղարկուին Երեւանի Միասնիկեան Մատենադրանը, որուն հարուստ հաւաքածոն մօտ վեց միլիոն գիրքի կը հասնի։ Հայաստանի Միասնիկեան Մատենադարանը հայերէն գիրքերու ամէնէն կարեւոր տպագրուած առաջին գիրքերու եզակի օրինակներ, ինչպէս «Ուրբաթագիրք»ը եւ «Պարզատոմար»ը, որոնք 450 տարի առաջ լոյս տեսած են։ Խաչատուր Աբովեանի եւ հայ հռչակաւոր պատմաբաններու անձնական մեծարժէք գրադարանները եւս այնտեղ կը գտնուին։