- Մայիսի վերջին օրերուն մամուլին մէջ յայտարարուեցաւ «Անահիտ» գրական մրցանակի բաշխումը: Ամէն տարի, դպրոցական եղանակի վերջին ամսուն, մինչ մտաւորական կեանքը կը կորսնցնէ իր համեմատական կենսունակութիւնը գաղութէ գաղութ, թերթերը արձագանգ կը հանդիսանան, հոգ չէ թէ՝ սահմանափակ ծիրի մէջ, այս գրական մրցանակին, որ ահա կու գայ իր վեցերորդ մրցանակաւորին անունը հրապարակելու. պոլսահայ երիտասարդ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի: Երեւոյթը իր անաղմուկ ճշդապահութեամբը ուշագրաւ արդէն, իր ետին կþ ենթադրէ սրտառուչ, հազուագիւտ, նաեւ հաւատարմութիւն մը՝ հայ գիրի մերօրեայ, Աղբալեան պիտի ըսէր՝ «ջերմանոցային» արտադրութիւններուն եւ գեղեցիկով տեսլահար անոր սակաւաթիւ կոչեցեալներուն հանդէպ:
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Ասպարէզէն կը տեղեկանանք, թէ Յունիս 6ի Կիրակի օր համաժողովրդական ջերմ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է ուխտագնացութիւն՝ ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի գերեզմանին: Ուխտագնացութիւնը կազմակերպած էր Հ.Յ.Դ. Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն, եւ ուխտաւորներ եկած են մինչեւ Սան Ֆրանսիսքոյէն, Լոս Անճելըսէն եւ այլ քաղաքներէ՝ Ֆրեզնօ: Ներկայ էին Ս. Թեհլիրեանի այրին՝ Անահիտ, եղբօր կինը՝ Նազելի եւ զաւակը՝ Աւետիս Թեհլիրեաններ: Ներկայացուցիչներ՝ ազգային, կուսակցական, բարեսիրական, եւ զանազան հանրային կազմակերպութիւններէ: Հանդիսաւոր հոգեհանգիստ կատարուած է հերոսի գերեզմանին վրայ՝ մասնակցութեամբ երեք քահանայ հայրերու: Խօսած են՝ Մելիք Շահ, երիտասարդ Լինտի Աւագեան, Վարդան քհնյ. Տիւլկերեան եւ Հ.Յ.Դ. Քալիֆորնիոյ Կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Մանճիկեան: Այս ուխտագնացութեան առթիւ կատարուած է բացումը Սողոմոն Թեհլիրեանի մեծադիր նկարին, որ գործն է ամերիկացի յայտնի նկարիչ Սթիվըն Կոլի, ծանօթ իր նկարներով եւ քանդակներով՝ նախագահ Քենետիի, նախագահ Ռուզվելթի, տիկին Ռուզվելթի: Ս. Կոլ նկարը պատրաստած է անվճար՝ ի յարգանս հայ հերոսին: