Յունիս 27ին, Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ համանուն վարժարանի տարեվերջի հանդէսը։ Մարզադաշտին վրայ պատրաստուած էր բեմ մը, որու շինութիւնը ստանձնած էր Կարապետ Թորոսեան։ Դաշտին մէջ զետեղուած էր բարձրախօս եւ հանդիսականներուն տրուած էին յայտագրեր։ Հանդէսին բացումը կատարեցին Մանկապարտէզի փոքրիկները, որոնք արտասանեցին, երգեցին, տրամախօսութիւններ կատարեցին։ Մանկապարտէզի յատուկ բաժնի աւարտումին՝ 14 ընթացաւարտներ ստացան իրենց վկայականները, ջերմօրէն ծափահարուելով ներկաներուն կողմէ։ Յաջորդաբար, նախակրթարանի բաժինի բացումը կատարուեցաւ Հ. Կ. Խաչի քայլերգով, որուն յաջորդեց ճոխ յայտագիր մը։ Վարժարանի տնօրէն պրն. Օննիկ Զաքարեան տուաւ մանրամասն զեկուցում մը աշակերտութեան թիւի, ուսումնական, բարոյական եւ առողջական վիճակի մասին։ Վարժարանը տարեշրջանը փակած է 152 աշակերտներով, որոնց 109ը նախակրթարանի եւ 43ը՝ Մանկապարտէզի բաժնին մէջ։ Ուսումնական տեսակէտով, տարին արդիւնաւէտ եղած է։ Յայտագրի յաջորդ մասը ամէնէն խորհրդաւորն էր։ Ընթացաւարտ դասարանը, 4 տղաք եւ 8 աղջիկներ, շրջանաւարտի իրենց յատուկ զգեստներով բեմին վրայ կանգնած՝ ակնախտիղ պատկեր մը կը ներկայացնէին։ Ընթացաւարտ կարգէն Արմէն Եաղուպեան, յանուն ընթացաւարտ կարգին կատարեց ուխտ մը, հաւատարիմ մնալու հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին։ Ուխտի արարողութենէն վերջ, ընթացաւարտները ստացան եռագոյն երիզներով ծրարուած իրենց վկայականները։ Յանուն շըրջանաւարտ կարգի, հրաժեշտի շատ գեղեցիկ ուղերձ մը կարդաց օր. Մայտա Քիրազեան, յուզուելով եւ յուզելով ներկաները։ Այս տարուան ընթացաւարտներն էին.¬ Գուրտողլանեան Անահիտ, Քիրազեան Մայտա, Թապաքեան Մարի, Մարտիկեան Հայկանուշ, Ներէտեան Անի, Էօլմիւշեան վերգինէ, Թերզեան Սոնա, Պօղոսեան Մարօ, Աբգարեան Ստեփան, Այտընեան Ստեփան, Եաղուպեան Արմէն եւ Չաքմաքճեան Սամուէլ։