- Հայաստանի անկախութեան 47րդ տարեդարձը մեծ շուքով տօնուեցաւ Նիկոսիոյ «Փալաս» սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Հայ Երիտասարդաց  Միութեան եւ Համազգայինի: Հանդիսութեան կը նախագահէր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիպրոսի փոխանորդ Երուանդ Ծ. Վրդ. Աբէլեան: Ներկայ էին նաեւ երեք քահանայ հայրեր եւ Ազգային իշխանութեան անդամները: Ժամանակէն առաջ հսկայ սրահը լեցուած էր արդէն ստուար թիւով հանդիսականներով, որոնք եկած էին վերանորոգելու իրենց ուխտը՝ ի խնդիր հայ ժողովուրդի գերագոյն իտէալին՝ միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի: Կիպրոսի ոստիկանական ընդհանուր հրամանատար Հասապիսի արտօնութեամբ, ոստիկանական նուագախումբը մասնակցեցաւ հանդէսին՝ ղեկավարութեամբ Ֆրիքսոս Եորղիուի: «Յառա՛ջ, նահատակ»էն ետք, որ ունկնդրուեցաւ յոտնկայս, բացման խօսքը կատարեց Վահան Մահտեսեան, որ գեղեցիկ կերպով պատկերացուց օրուան խորհուրդը: Օրուան բանախօսն էր Կարապետ Գալֆայեան, որ յատկապԷս հրաւիրուած էր Թեսաղոնիկէէն: Երիտասարդ բանախօսը իր կուռ խօսքերով ոգեւորեց ներկաները եւ իր հաւատքը յայտնեց հանդէպ հայ ժողովուրդի լուսաւոր ապագային: Կ. Գալֆայեանի բովանդակալից ճառը որոտընդոստ ծափահարութիւններով ընդմիջուեցաւ յաճախ: Գեղարուեստական բաժինը իրենց մասնակցութեամբ ճոխացուցին՝ Ս. Անտէքեան (արտասանութիւն՝ Յ. Շիրազի «Ամենայն սրտով»), Հ.Ե.Մ.ի քառեակը (Ե. Զարդարեանի «Սիրուն ուռենին», եւ Գ. Կառվարենցի «Հայ դրօշին»), Մ. Դուրեան (արտասանութիւն):

- Ատանայի շրջանի գիւղերէն մէկուն մէջ, հողագործ գիւղացիներ կառավարական հողեր գրաւած եւ իրարու միջեւ բաժնած են վերջերս։ Ներքին գործոց նախարար պրն. Ագտողանի այդ շրջանը այցելութեան առթիւ, ոստիկանութիւնը փորձած է ձերբակալել այդ գիւղացիներէն մէկ քանին։ Ատոր վրայ, 150ի մօտ գիւղացիներ, բիրերով ու քարերով յարձակած են ոստիկանութեան վրայ եւ անոնցմէ երկու հոգի սպաննած։ Գիւղացիներէն 12 հոգի վիրաւորուած են։