50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս, Տուրղութիի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի տնօրէնութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր աշակերտական ցուցահանդէս մը կազմակերպելու, վարժարանի երկսեռ աշակերտութեան ձեռային աշխատանքները հանրութեան ներկայացնելու համար։ Ցուցահանդէսի բացումին ներկայ էին՝ Յունաստանի Առաջնորդ՝ Տ. Սահակ Ս. Արք. Այվազեան, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեան, ատենադպիր պրն. Ժիրայր Ճանիկեան, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան տիկինները, Հ. Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէնուհի տիկ. Ազատ Ճէճիզեան, Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ծնողներ ու կրթասէր ազգայիններ, որոնք փութացած էին վարժարան՝ քաջալերելու համար հայ աշակերտութեան կատարած ձեռային աշխատանքները։ Սոյն հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ՝ ասեղնագործութեան մէջ գործածուած «Տէ Էմ Սէ» եւ «Փեթալուտա» դերձաններու ընկերութեան ներկայացուցիչը, որ երկարատեւ ու մանրակիրտ կերպով քննելէ ետք ցուցադրուած հարիւրէ աւելի ձեռագործները, անոնցմէ լաւագոյնները պարգեւատրեց, ընկերութեան կողմէ նիւթական գումարներ յատկացնելով։ Ապա, գովեստով խօսեցաւ ցուցադրուած աշխատանքներու մասին ու խնդրեց ուսուցիչներէն՝ պարգեւ ստացող ձեռագործները վերոյիշեալ ընկերութեան տնօրէնութեան ներկայացնել, որպէս առաջնակարգ ասեղնագործութիւններ։ Հուսկ՝ խոստացաւ յառաջիկայ տարուան համար, որպէս նուէր ու գնահատանք կատարուած ընդհանուր աշխատանքին, ձրիաբար, «Տէ Մի Սէ» դերձաններու տըրցակներ տրամադրել վարժարանին։ Ապա ուրեմն, շնորհաւորելէ ետք վարժարանի ուսուցչական կազմը, ըսաւ թէ՝ իր այցելած աշակերտական ցուցահանդէսններուն մէջ լաւագոյն ցուցահանդէսը կը նկատէր այս։ Խնամքով ու ճաշակով աշխատուած ձեռագործներու ցուցահանդէս մը, որ արժանի է ամէն գնահատանքի։ Ներկաները՝ ցուցադրուած առարկաները դիտելէ ետք, ազատ էին իրենց նախասիրած ձեռագործները գնելու։