Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Կլաֆքոս Քլերիտիս, որ ներկայ գտնուած էր Նիկոսիոյ մէջ կաթ. փոխանորդի նախագահութեան տակ տեղի ունեցած յիսնամեակի հանդիսութեան, հետեւեալ պատգամը ուղղած է հայ ժողովուրդին.- Այսօրինակ առիթի մը, երբ համայնք մը կը սգայ հազարաւորներն ու միլիոնաւորները, որոնք մեռան, մարդ դժուարութիւն կը զգայ իր մտածումները արտայայտելու համար բառեր գտնելու: Բնականոն կերպով, պէտք էր որ ինքզինքս ինքնակոչ մը զգայի ամպիոն բարձրանալով քանի մը խօսք ընելու ձեզի: Այս առիթով, սակայն, նման զգացում մը չունիմ, որովհետեւ այն, ինչ որ ձեր մտքին եւ սրտին մէջ կայ՝ զարհուրանքը ջարդերուն եւ ցեղասպանութեան, անծանօթ չէ ինծի, որովհետեւ իմ ժողովուրդս՝ յոյն ազգը եւս տառապած է եւ արեամբ վճարած՝ իր ազատութեան գինը: Մենք վարժուած ենք սգալու, վարժուած ենք յարգանքի տուրք տալու մեր մեռած հերոսներուն, բայց մենք վարժուած ենք նաեւ մեր որոշումները խարսխելու իրականութեան եւ նաեւ կռուելու մեր կամեցողութեանը վրայ այն բանին համար, որուն արդար ըլլալուն հաւատքը ունինք: Այդ կապակցութեամբ դուք՝ հայ ժողովուրդը, եւ մենք հասարակաց մեծ ժառանգ մը ունինք, եւ այդ ժառանգութեան կողքին կը կենանք ու ատոր համար կը պայքարինք: Ես ուրախ եմ, որ այսօր դուք՝  հայ ժողովուրդը, հոս եկած էք ոչ միայն սգալու մեռելները, այլեւ աշխարհին հասկցնելու, թէ դուք օրինաւոր ժառանգորդներն էք հայկական հողերուն, որոնք վայրագօրէն խլուեցան մեզմէ այն ատենուան թուրք կայսերական կառավարութեան  կողմէ: Յստակ է իմ մտքիս, թէ աշխարհը պարտի ըմբռնել, որ ցեղասպանութիւնը սերտօրէն կապուած է թրքական պատմութեան հետ, եւ ես հպարտ եմ, որ Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը առաջին անձը եղաւ, որ այս իրողութիւնը Միացեալ ազգերու ծանօթութեան բերաւ շատ մօտիկ անցեալին: Կը սպասենք այն օրուան, երբ վերստին արդարութիւն պիտի ըլլայ ձեզի, եւ ձեր սեփական երկիրը ձերը պիտի ըլլայ վերստին առ յաւէտ: