Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակի յուշատօնը տեղի ունեցաւ արտակարգ շուքով եւ երկուղածութեան մթնոլորտի մը մէջ։ Չնախատեսուած բազմութիւն մը ողողեց մայրաքաղաք Աթէնքի ամէնէն մեծ սրահը նկատուող «Օրֆեւս»ը։ Առանց չափազանցութեան, կրնանք ըսել թէ՝ 5.500-6.000 հայութիւն հաշուող աթենահայութեան 4.000ը ներկայ էր Յուշատօնին։ Բացումը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 10-ին։ Հարիւրաւորներ տեղի չգոյութեան պատճառով, սրահի մուտքին առջեւ յոտնկայս բարձրախօսներու միջոցաւ հետեւեցան յայտագրին։ Սրահի մուտքին Հ.Մ.Ը.Մ.ի արիները պատուի առին օտար հիւրերը։ Նախ քան յուշատօնի բացումը, ատենապետ պրն. Յարութիւն Գըլըճեան բեմ գալով՝ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգել Ապրիլեան Եղեռնի նահատակներու յիշատակը։ Համազգայինի երգչախումբը բեմին վրայ շրջապատուած էր սեւ շղարշներով։ Բեմին ճակատը՝ հայերէն եւ յունարէն վերտառութիւններ՝ Ապրիլեան ցեղասպանութիւնը յիշեցնող նշանախօսքերով։ Պրն. Յ. Փափազեանի ղեկավարութեամբ երգչախումբը ներդաշնակօրէն երգեց հելլենական եւ հայկական ոգերգները։ Յուշատօնի ատենապետ պրն. Յարութիւն Գըլըճեան կարդաց յունարէն բացման խօսքը։ Կարճ ակնարկ մը՝ Ապրիլեան Ցեղասպանութեան վրայ։ Բեմ հրաւիրուեցան պաշտօնական հրաւիրեալները, որոնք իրենց խօսքը ուղղեցին ներկաներուն։ Յաջորդաբար, Համազգայինի երգչախումբը երգեց քանի մը երգեր։ Սոլոյի բաժինը կատարեց աթենահայ երգչուհի տիկին Արուս Գրիգորեան։ Աթենահայ երգչուհի տիկին Ծաղիկ Գազանճեան խոր ապրումով երգեց «Ծիծեռնակը» եւ «Կռունկը» դաշնակի ընկերակցութեամբ փրոֆ. Քիտոնեաթիսի։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սահակ Այվազեան շնորհակալութիւն յայտնեց Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Տ. Խրիսոսթոմոս սրբազանին, հելլէն կառավարութեան, ներկայ նախարարներուն, երեսփոխաններուն, զինուորականներուն, գրագէտներուն, լրագրողներուն եւ հանդիսականներուն ու Պահպանիչով փակեց մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին այս յուշատօնը։