50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակի տօնակատարութեան Թեսաղոնիկէի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Մայիս 2-ին, շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն¬պատարագ՝ հայաջինջ սպանդի մեր մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին եւ հոգւոյն։ Պատարագիչ արժ. Տ. Անուշաւան քհնյ. Յարութիւնեան խօսեցաւ օրուան պատշաճ քարոզ մը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան «Ադամեան» երկսեռ երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ խմբավար՝ Արթիւր Մորճիկեանի։ Յաւարտ հոգեհանգիստի տեղի ունեցաւ սգահանդէս, որուն ներկայ եղան հելլէն պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ երեսփոխաններ, Ազգ. Իշխանութիւնը, յարանուանութեանց, բոլոր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ խուռն բազմութիւն մը՝ որ լեցուցած էր եկեղեցին եւ շրջաբակը։ Եկեղեցւոյ կեդրոնը զետեղուած էր տպաւորիչ մահաբեմ մը, որուն չորս անկիւնները Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի անդամ¬անդամուհիներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական երիտասարդներ պատուոյ պահակ կեցած էին ամբողջ եկեղեցական արարողութեանց եւ հոգեհանգիստի տեւողութեան։ Եկեղեցւոյ մուտքին, Երիտասարդացի անդամուհի մը բոլոր ներկաներուն լամբակները կը զարդարէր սեւ քոնքարտով։ Եկեղեցին նոյնպէս զարդարուած էր պատշաճօրէն։ Սեւ շղարշներ կը ծածկէին պատուհաններն ու ջահերը։ Այսպէս, խորապէս տպաւորիչ մթնոլորտի մէջ սկսաւ սգահանդէսի բաժինը երգչախումբին կողմէ երգուած «Անոնց համար որ ինկան» խմբերգով, որմէ վերջ, օրուան նախագահ Լեւոն Ճլկունի, բացատրեց թէ յիսնամեակի տօնակատարութեանց ծիրէն ներս տեղի կþունենայ կրօնական հանդիսութիւնը, իսկ յառաջիկայ Կիրակի, քաղաքի «Մաքետոնիքոն Սբուտոն»ի սրահին մէջ պիտի կատարուի քաղաքականը։ Յաջորդաբար, ընկ. Ժերմէն Իսպիրեան եւ ընկ. Յակոբ Գասապեան արտասանեցին առաջինը՝ Ա. Ահարոնեանի «Կոյր Աշուղ»ը իսկ երկրորդը՝ Վարուժանի «Ջարդը»։ Օրուան բանախօսն էր՝ ընկ. Ռուբէն Գալֆայեան։ Ելոյթը փակուեցաւ երգչախումբի «Հայր մեր»ով եւ Տէր Ղուկաս հօր «Պահպանիչ»ով։