Կիպրոսի տագնապին պատճառով՝ Թուրքիա, ՆԱԹՕի իր զինակից Յունաստանի դէմ զինեալ բախումի պատրաստութեան սկսած է։ Այս լուրը հրատարակած է «Միլիէթ» առաւօտեան իրազեկ օրաթերթը։ Թերթին Անգարայի թղթակիցը կը գրէ՝ թէ այնպէս կը կարծուի՝ որ Թուրքիա պիտի չկարենայ խուսափիլ Յունաստանի հետ զինեալ բախումէն, Աթէնքի եւ Նիկոսիոյ կառավարութեանց ձեռք առած միջոցներուն ինչպէս նաեւ կիպրական վէճի շուրջ մեր դաշնակիցներու հետեւած սխալ քաղաքականութեան պատճառով։ Շարունակելով կþըսէ՝ թէ նախապատրաստութեանց մէջ կայ ազգային ուժերու տեղաշարժ դէպի Յունաստանի մօտակայ շրջանները եւ ՆԱԹՕի ծիրէն դուրս այդ ուժերու պարենաւորումը՝ «ռազմագիտական զէնքերով» ու ներկայիս Թուրքիոյ մէջ շինուող ցամաքահանումի նաւերով։ Կիպրոսի դէմ օդային ռմբակոծում պիտի չկատարուի, որովհետեւ, վախ կայ որ թուրք համայնքն ալ վնասուի։ «Միլլիէթ» ապա կը գրէ՝ թէ Յունաստանի հետ պատերազմի պարագային, ձեռք առնուելիք միջոցները կը նախատեսեն Կ. Պոլսէն անմիջական հեռացումը Օրթոտոքս պատրիարքարանին եւ արտաքսումը համաշխարհային օրթոտոքսութեան հոգեւոր պետ Աթինաղորաս Պատրիարքին, որ թրքահպատակ է։ Թուրքիա գալէ առաջ, Տ. Աթինաղորաս ամերիկահպատակ էր։ Նախապատրաստութիւն՝ Թուրքիա հաստատելու համար ներկայիս արեւմտեան Թրակիա բնակող թրքական ծագումով հելլենահպատակները, որոնք, պատերազմի պարագային, հաւանաբար պիտի փափաքին Թուրքիա ապաստանիլ։ Շարունակելով կþըսէ՝ թէ հակառակ անոր որ կիպրական վէճին մէջ Ռուսիա Թուրքիոյ զօրավիգ կանգնելու նշաններ ցոյց տուաւ, կը շարունակէ զէնքեր ղրկել Կիպրոսի հելլէն կառավարութեան, «կիպրացի թուրքեր սպաննելու համար»։ Ասիկա հիասթափութիւն կը պատճառէ թուրք հանրային կարծիքին։ Վերջացնելով կþըսէ՝ թէ ռուսերը խաղ մը պիտի խաղան՝ ըսելով թէ հարցը պիտի կրնայ քննուիլ արտաքին նախարար պրն. Կրոմիկոյի հետ, որ Անգարա կը սպասուի ամսոյս 17-ին։ Թերթը չի յայտներ թէ ուրկէ առած է իր տեղեկութիւնները, սակայն կը կարծուի թէ անոնք առնուած են թուրք վարչապետի շրջանակէն։