50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող յունարէն «ԷՄՊՐՈՍ» թերթը իր Ապրիլ 8ի թիւին մէջ հրատարակած է Ագնարայէն տրուած հետեւեալ լուրը.¬ Պէյրութի Օրթոտոքս եկեղեցին, իբրեւ պատճառաբանութիւն գործածելով 1915-ին հազարաւոր հայերու ջարդը, համաշխարհային հակաթուրք արշաւանքի մը ստեղծման գլուխը անցած է։ Այսպէս, ամսոյս 24-ին, Փարիզի, Նիւ Եորքի, Աթէնքի, Լոնտոնի եւ Հարաւային Ամերիկայի զանազան շրջաններուն մէջ մասնաւոր արարողութիւններ պիտի կազմակերպուին «Հայերու տարագրութեան ու զանգուածային ջարդի» 50-րդ տարեդարձին առթիւ։ Պատրաստուած ծրագրին համաձայն, գրեթէ բոլոր Օրթոտոքս եկեղեցիներուն մէջ, վերոյիշեալ օրը տեղի պիտի ունենան մասնաւոր արարողութիւններ ու ջանք պիտի ըլլայ, որ ամբողջ աշխարհ իմանայ «թուրքերու վայրագութիւնները»։ Այս նպատակով՝ լայն չափով պիտի օգտագործուին ձայնասփիւռն ու պատկերասփիւռը, որոնց միջոցով պիտի հեռարձակուին կրօնական արարողութիւնները եւ պիտի հրատարակուին զանազան քարոզչական գրքոյկներ։ Իբրեւ գործիք հայերը գործածող այս ամբողջ արշաւանքի ծանրութեան կեդրոնը անտարակոյս, կը գտնուի Յունաստանի մէջ։ Ասիկա կրնայ նկատել ուշադրութեամբ եւ անկողմնակալօրէն այս բոլոր անցուդարձերուն հետեւող ամէն մարդ։ Տրուած ըլլալով որ, կիպրացի թուրքերուն դէմ անմարդկային վերաբերումը լուրջ հակազդեցութիւն գործեց միջազգային հանրային կարծիքին վրայ, ներկայիս, Հելլէնները կը ջանան նման քայլերով անոր ուշադրութիւնը ուրիշ մարզերու վրայ դարձնել։ Միւս կողմէ, մինչ տակաւին ոչ մէկ լուր հաղորդուած էր նախապատրաստուող տարեդարձի մասին, Միացեալ Ազգերու Ընդհանուր ժողովին առջեւ խօսելով՝ կիպրացի արտաքին գործոց նախարար պրն. Քիփրիանու յայտարարեց. «Կիպրոսի մէջ յունական վայրագութեանց մասին կը խօսին։ Ապրիլ 24-ին, բովանդակ մարդկութիւնը պիտի հաստատէ հայերու հանդէպ թրքական վայրագութեանց մեծութիւնը»։