50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Այսօր, խորհուրդներով ու խոհերով գերազանցապէս յուզուած, ամբողջ հայ ժողովուրդը ոտքի է՝ խոնարհելու իր գլուխը մէկ միլիոնէն աւելի նահատակներու յիշատակին առջեւ: Այսօր նաեւ յարութիւնն է հայ ժողովուրդին, որ սրբացեալ նահատակներու աճիւններէն յառնեցաւ հայ ազգի անմահութիւնը իրարու աւետելու համար: Յիսուն տարիներ առաջ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած անմարդկային ոճիրին եւ այսօրուան միջեւ տարիները հայութեան համար անցած ու մոռցուած օրեր չեղան: Նոյն ճանապարհին վրայ հասակ նետեց ներկայ հայութիւնը՝ անհուն տառապանքի ամէնօրեայ ապրումներով: Անոր հայրենի հողերը ոտնակոխ մնացին թուրքին, որ անպատմելի ոճիրը գործեց ու նահատակները անթաղ են մինչեւ այսօր Անոր իրաւունքները չվերականգնեցան ցարդ: Արդ, այսօր, երբ ամբողջական հայ ժողովուրդը, հին ու նոր սերունդներով, գլուխը կը խոնարհէ իր մէկ միլիոն նահատակներու անշիրիմ աճիւններուն առջեւ եւ ինքզինք իրաւատէրը կը հռչակէ բռնագրաւուած հայրենի հողերուն, այդ ԿԱՄՔԻՆ համապատասխան արժանաւորութեամբ, լրջութեամբ եւ գիտակցութեամբ պիտի կատարէ այն յուշահանդէսը, որուն նմանը արձանագրուած չէ համաշխարհային պատմութեան էջերուն մէջ: Խօսքս ուղղելով հայ հայրերուն եւ մայրերուն, հայ պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն՝ պիտի ուզէի, որ բոլորը իրենց կեցուածքով, առնուած քայլերով ու խօսքերով ծանր վեհութիւնը զգան մէկ միլիոն նահատակներու սուգին, ու իրենց աչքերը յառեն այն «վարդաշողշող արշալոյսին», որ պիտի ծագի օր մը՝ աւելի փառահեղօրէն, փարատելով այն սուգը, որ կ՛ապրինք այսօր ցեղովին: Ազգային վերածնունդի այդ գերազանց նպատակը նոյնքան եւ աւելի լրջութիւն եւ արժանաւոր կեցուածք կը պահանջէ մեզմէ, ու մենք բոլորս պարտինք մեր խոհուն եւ վճռական նկարագիրը յայտնաբերել ապրիլեան Եղեռնի այս յիսնամեակի ոգեկոչումին: Ոգի, վճռական կամք եւ ծանրախոհութիւն՝ միաձուլուած պատկերը պիտի ըլլան մեր քաղաքական գործելակերպին: Կ. ՍԱՍՈՒՆԻ