-Երբ թուրքը 1915-ին հրէշային դաժանութեամբ տեղահանութեան եւ մահացումի ենթարկեց ողջ թրքահայութիւնը, ես 15 տարեկան էի. ինչե՜ր տեսայ իմ մանկական աչքերով: Ես երզնկացի եմ, Ցատկեղ գիւղէն: Օր մը յանկարծ յայտնեցին, թէ բոլոր հայերը ուրիշ տեղ պիտի փոխադրուին: Արդէն կը գտնուէինք չարաշուք շշուկներու սարսափին մէջ: Միւտիւրը չեթեներով պաշարեց գիւղը: Բոլոր գեղեցիկ կիները եւ աղջիկները զատեցին. տղամարդոց անասելի չարչարանքներու ենթարկեցին, շատերը սպաննեցին եւ թաղեցին մեր աչքերուն առջեւ: Հայրս, եղբայրներս, հօրեղբայրներս եւ ուրիշներ չարչարեցին, յետոյ անոնց հող փորել  տուին, մէջը լեցուցին եւ ողջ ողջ թաղեցին. այս հրէշութիւնը ընել տուողներէն էին Տեհար եւ Հենտի պէկ կոչեցեալ սեւ հոգիներ: Միւսները եւ իր գործակիցները վրանին տակ նստած‘ վայրենօրէն կը հրհռային: Այսպէս, բոլոր գիւղերը դատարկեցին, քշեցին մինչեւ Քեմախի Պողազը եւ Եփրատի մէջ թափելէ առաջ, շատերու ատամները քաշեցին, աչքերը փորեցին, երկաթէ տաք թասեր դրին գլուխներուն վրայ, սուր ու կացինով զարկին ու զարկին. գետը ծածկուեցաւ դիակներով: Եւ այս բոլորը ըրին պզտիկներուն, մեր մայրերու եւ մամիկներու աչքերուն առջեւ: Մեր ողբէն ու գալարումներէն, ցաւի աղաղակներէն աւելի դիւային ուրախութիւն կը զգային մարդակերպ բորենիները: Անհաւատալի հրաշքով փոքր խումբ մը հասանք մինչեւ Արաբկիր: Ես ալ ողջ մնացող քիչերէն եղայ: Իմ եւ բոլոր հայերու հոգիներուն մէջ կուտակուած անէծքը օր մը պիտի այրէ այդ անգութ ցեղը:    ՎԱՐԴԱՆՈՒՇ ՆՐԱՆԵԱՆ

-Ապրիլ 24-ին Հայաստանի մէջ 1.500.000 ծառեր պիտի տնկուին: Հայաստանի գրողները,  յատուկ «Բաց նամակ»ի մը մէջ ի միջի այլոց կը նշեն.¬ «Հայ ժողովուրդը իր բազմադարեան պատմութեան ընթացքում իրեն վիճակուած բոլոր ողբերգութիւններին, բոլոր դժբախտութիւններին միշտ էլ պատասխանել է աշխարհաշէն գործերով», կþըսեն անոնք, որոնք յանձնառու են մասնակցելու 1.500.000 ծառ տնկելու գալիք արարողութեան՝ իւրաքանչիւրը ծառ մը տնկելով Վարուժանի՛, Զոհրապի՛, Սիամանթոյի՛, Սեւակի՛ եւ բոլոր միւս մե՛ծ նահատակներու յիշատակին: