-Ուրուկուէյի Երեսփոխանական Ժողովին մէջ, Փետրուար 1-ին, երեսփոխան Մարթինէս Մորենօ ունեցած է զգայացունց եւ անակնկալ ելոյթ մը, ամբողջ օտար հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացնելով։ Երեսփոխան Մարթինէս Մորենօ ամպիոն բարձրանալով խօսած է Ապրիլեան Եղեռնի մասին եւ ըսած է, թէ համայն հայութիւնը այս տարի կը պատրաստուի նշել Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակը, ոգեկոչելու համար յիշատակը շուրջ երկու միլիոն հայ նահատակներու, որոնք զոհ գացին պատմութեան մէջ չտեսնուած ցեղասպանութեան մը։ Պրն. Մորենօ դիտել տուած է, որ ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջումին ձգտող այս ծրագրին հեղինակները խորքին մէջ, մարդկութեան դէմ է որ ոճիր կը գործէին, օգտուելով Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընձեռած պատեհութենէն։ Երեսփոխանը նկարագրած է հայ ժողովուրդին կրած տառապանքը, թուած է այն բոլոր անիրաւութիւնները, որոնց ենթարկուած է հայութիւնը, աւելցնելով որ այս ժողովուրդը մարդկութեան համակրութեան, աջակցութեան եւ գնահատութեան արժանի է։ Մասնաւորելով իր խօսքը Ուրուկուէյցիներուն, պրն. Մորենօ ըսած է, որ Ուրուկուէյ եւ իր ժողովուրդը պարտին աջակցիլ հայութեան՝ յառաջիկայ Ապրիլ 25-ին, քանի որ 1965 Ապրիլ 24-ը պաշտօնական սուգի ու յարգանքի օր հռչակուի Ուրուկուէյ մէջ, որպէսզի Ուրուկուէյցիներն ալ արժանաւորապէս սրտակցութիւն յայտնած ըլլան իրենց հայ եղբայրներուն։ Պրն. Մորենօ իր ելոյթին մէջ շեշտած է. «Պետական հանգամանքով յարգանք մը կը պարտինք ընծայել հայ ժողովուրդին, որ զոհն է բռնակալ ու տիրող ուժերու կողմէ իր դէմ գործուած անարդարութիւններուն։ Ուրուկուէյի Երեսփոխանական ժողովը համակրանքով ընդունած է իր աչքառու անդամներէն պրն. Մորենոյի առաջարկը եւ 1965 Ապրիլ 24-ը հռչակած պաշտօնական սուգի օր։
-Ապրիլ 4-ին, Միացեալ Նահանգներու Տիթրոյթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Ապրիլեան Եղեռնի ոգեկոչական եւ նուիրահաւաքութեան ձեռնարկը, մեծ ոգեւորութեամբ։ Ներկայ եղած են վեց հարիւրէ աւելի հայրենակիցներ։