- Խաղաղականի Ամերիկեան 7-րդ նաւատորմի սաւառնակներ, անցեալ օր, երկու յարձակումներ գործեցին Հիւսիսային Վիէթնամի երկաթուղային կամուրջներուն դէմ։ Առաջին յարձակումը գործուեցաւ Հիւսիսային Վիէթնամի մայրաքաղաք Անոյէն 100 քիլոմեթր դէպի հարաւ գտնուող Տոկ Ֆուոնկ կամուրջին դէմ։ Երկրորդ յարձակման ընթացքին, սաւառնակներէն մէկը վար առնուեցաւ։ Կը կարծուի՝ թէ օդանաւորդը անկարգել գործածելով կրցաւ ազատիլ։ Երրորդ յարձակումը գործուեցաւ Համ Ռոկ կամուրջին դէմ։ Վերջին յարձակման մասնակցող բոլոր սաւառնակները անվնաս վերադարձան իրենց խարիսխները, մինչդեռ, Հիւսիսային Վիէթնամի մայրաքաղաքի ձայնասփիւռի կայանը յայտնեց՝ թէ 12 սաւառնակներ վար առնուած են։ Հոս պէտք է ըսել՝ թէ առաջին անգամ է, որ ամերիկեան 7-րդ նաւատորմի սաւառնակներ այսքան յառաջացան Հիւսիսային Վիէթնամի օդային մարզէն ներս։ Պուտափէշտէն ստացուած տեղեկութեանց համաձայն, Խորհրդային Միութեան նախագահ պրն. Անասթաս Միկոյեան Շաբաթ օր հոն խօսելով յայտարարած է թէ ընկերվարական ամբողջ աշխարհը Հիւսիսային Վիէթնամի կողքին կանգնած է։ Ըսած է, թէ այդ երկիրը թիրախ դարձած է Ամերիկացիներու պատերազմասիրական գրգռութեանց։ Պ. Միկոյեան այս յայտարարութիւնն ըրած է, Հունգարիոյ «ազատագրման» 20-րդ տարեդարձին առթիւ հունգարական խորհրդարանի հանդիսաւոր նիստին առջեւ խօսելով։

- Համայնավար Չինաստան, որ ասկէ առաջ մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար թոն աւստրալիական ցորեն գնած էր, տեղեկացուց՝ այդքան ցորեն եւս կþուզէ գնել։ Իսկ Խորհրդային Միութիւնը, որ ասկէ առաջ վեց հարիւր թոն գնած էր, նոր բանակցութեանց սկսաւ, նոյնքան աւստրալիական ցորեն եւս գնելու համար։ Նոր  ապսպրանքները յանձնուիլ պիտի սկսին Յունիսին կամ Յուլիսին։