Թրքական թերթերէն ետք Պոլսոյ եւ Անգարայի ձայնասփիւռներն ալ սկսած են թունալից եւ գրգռիչ լուրեր ձայնասփռել արտասահմանի հայութեան հասցէին՝ յիսնամեակի առթիւ տեղի ունենալիք ոգեկոչումներու պատճառով: Պոլսոյ ձայնասփիւռը Մարտ 24-ի հաղորդումներու ընթացքին յայտարարեց. Յոյները սկսան հայերը մեզի դէմ գրգռել: Անգարա հասած տեղեկութեանց համաձայն, հելլէները եւ Կիպրոսի յոյները թրքութեան դէմ իրենց ի գործ դրած անմարդկային խժդժութիւնները մոռացութեան տալու համար հիմա ալ սկսած են հայերը մեզի դէմ գրգռել՝ շահագործելով յիսուն տարի առաջ պատահած հայկական ջարդերու խնդիրը: Կէս դար առաջ պատահած խնդիր մը հիմա նորէն կþարծարծեն զայն թրքութեան դէմ իբրեւ զէնք գործածելու համար: Անգարայէն կը հեռագրեն Պոլսոյ թերթերուն.- Ստացուած տեղեկութեան համաձայն, թուրք կառավարութիւնը հարկ եղած բոլոր միջոցները ձեռք առած է կանխելու համար հայկական ցոյցերը, 1915-ի դէպքերուն յիսնամեակին առթիւ: Արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ խօսնակը ըսաւ, թէ արդարեւ յոյներն ու հելլէնները դրդած եւ գրգռած են հայերը՝ 24 Ապրիլին այսպիսի հանրահաւաքներ գումարելու համար: Թուրք կառավարութիւնը շատ մը փաստաթուղթեր հաւաքած է այդ մասին: Ճշդուած է, որ 24 Դեկտեմբերին Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանու փոխադարձութիւն մը գտնելու համար թուրք պատուիրակ Օրհան Էրափլի ամբաստանութիւններուն՝ ըսած է, թէ հայերը սգահանդէսներ պիտի սարքեն այդ յիսնամեակին առթիւ:
Թրքական Թերթերու Գրգռութիւնները
Շատ անկանոն կը ստանանք Պոլսոյ թերթերը: Մարտ 25 թուակիր «Մարմարա»-ի մէջ ակնարկութիւն կայ «Հեր Կիւն» թրքական թերթի հակահայ գրգռութիւններուն շուրջ: Կը հասկցուի, որ թրքական ուրիշ թերթեր եւս արտայայտուած են այդ մասին:
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ