- Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ» Երեւանէն ստացած է հետեւեալ տեղեկութիւնները: Ապրիլի սկիզբը լոյս պիտի տեսնէ «Էջմիածին» ամսագրի բացառիկ թիւը: Աշխատանքները կը սկսին վերակառուցելու համար մայր տաճարի Ս. Ստեփանոսի սեղանը, որ պիտի նուիրուի ապրիլեան նահատակներուն: Պատրաստ է նաեւ յուշարձանին նախագիծը, որ պիտի կառուցուի մայր տաճարի հիւսիսային կողմը: Հիմնարկէքը պիտի կատարուի Ապրիլ 24-ին: Կ՛իմանանք, թէ Ապրիլ 24, Շաբաթ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Տեսին քաղաքի (Ֆրանսա) եկեղեցիին մէջ տեղի ունենալիք պատարագէն ետք քաղաքապետը բացումը պիտի կատարէ քաղաքի մէկ փողոցի անուան տախտակին, որուն վրայ արձանագրուած է՝ «24 Ապրիլ 1965 – Մասաքրը տէ զ՛Արմենիէն»: Այնուհետեւ այս անունով պիտի կոչուի նախկին «Պրանլին» փողոցը:
- ԱՆԳԱՐԱ.- «Ուլուս» օրաթերթը խմբագրական մը յատկացուցած է այն պատրաստութիւններուն, որոնք կը տեսնուին Լիբանանի հայերուն կողմէ՝ նշելու համար Թուրքիայէն իրենց տեղահանումին յիսնամեակը եւ հատուցման ու հայկական պետութեան մը ստեղծման իրենց պահանջները: «Տարօրինակ է, որ հայերը նման գրգռութիւններու կը դիմեն այսքան տարիներ ետք, կը գրէ երեսփոխան Ճիհատ Պապան, իր խմբագրականին մէջ: Այս պայքարը ուրիշ բանի պիտի չծառայէ, եթէ ոչ՝ լարուածութիւն ստեղծելու Թուրքիոյ եւ Լիբանանի միջեւ, որ իր հողամասին վրայ կը հանդուրժէ նման ցոյցերու եւ մեզի կու տայ այն տպաւորութիւնը, թէ ինչ ալ ընենք Միջին Արեւելքի երկիրներուն համար, կարելի չէ անկեղծ գործակցութիւն մը հաստատել անոնց հետ»: Ու խմբագիրը կþ եզրակացնէ. «Այսուհանդերձ, այս միջադէպը պէտք է զօրացնէ սերտակցութիւնն ու ազգային ներդաշնակութիւնը Թուրքիոյ մէջ»: