- Հալէպի Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական երեք համայնքներու պետերուն հրաւէրով, Փետրուար 1965-ին գումարուեցաւ միջյարանուանական խորհրդակցական ժողով մը, Ազգ. առաջնորդարանի դահլիճին մէջ: Ժողովը որոշեց միասնական ոգիով եւ համահայկական տարողութեամբ ոգեկոչել մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն անմոռանալի յիշատակը: Նշանակուեցաւ կեդրոնական մարմին մը՝ կազմակերպելու համար ոգեկոչումի սգատօները: Կեդրոնական մարմինը եւ իրմէ բխած ենթայանձնախումբերը պատրաստեցին աւուր պատշաճի յայտագիր, որ պիտի գործադրուի հետեւեալ ձեւով. Ա.- Ապրիլ 24, Շաբաթ կէսօրէ առաջ, Ս. Քառասնից Մանկանց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
Բ.- Ապրիլ 24, Շաբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Մէյտանի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ բակին մէջ, Կաթողիկէ Հայոց Ս. պատարագէն վերջ:
Գ.- Ապրիլ 25, Կիրակի, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ:


- Լիբանանի «Լը Սուար» ֆրանսատառ թերթը 16 Ապրիլի իր թիւին մէջ երկու էջ լրիւ յատկացուցած է Մեծ եղեռնի յիսնամեակին՝ տալով փաստաթուղթեր, նկարներ, բանաստեղծութիւններ եւ պետական դէմքերու կողմէ կատարուած հաստատումներ: Յատկապէս հրատարակած է ֆրանսացի գրագէտ, 1964-ի միջդաշնակցային մրցանակի տիրացած Ռընէ Ֆալէի մէկ քերթուածը՝ «Հայերը» խորագրով: Խմբագրական սիւնակին մէջ, «Այս մեռելները պիտի չսպաննուին» խորագրով, «Լը Սուար» անժամանցելի կը նկատէ նահատակներուն յիշատակը՝ յիշելով վերածաղկումը հայ ժողովուրդին, որ այսօր կը պարծենայ համաշխարհային հռչակի տիրացած հայորդիներու գիտական եւ մշակութային նուաճումներով: Տեղական գրեթէ բոլոր թերթերը արձագանգ կը հանդիսանան Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ կազմակերպուելիք յուշատօնին՝ համակրական տողեր նուիրելով հայ ժողովուրդին: