Աթէնքի առաւօտեան մեծագոյն օրաթերթերէն «Վիմա»յի մէջ, թերթի աշխատակիցներէն ծանօթ հրապարակագիր պրն. Էլ. Քոցարիտաս յուշեր հրատարակած էր մեծանուն հելլէն քաղաքագէտ, հայրենասէր եւ հայասէր Էլէֆթերիոս Վենիզելոսի մասին, Լոզանի դաշնագրի օրերէն։ Պրն. Քոցարիտաս կը պատմէր՝ թէ ի՛նչ պայքարներ մղուած էին այդ օրերուն։ Իր յօդուածին մէջ, հելլէն հրապարակագիրը կը խօսէր նաեւ այդ օրերու հայեւհելլէն գործակցութեան եւ Հայաստանի մասին ու կը գրէր. «Հայերուն հետ, Ժընեւի եւ ուրիշ քաղաքներու մէջ հիմնեցինք ընկերակցութիւններ, որոնց անունն էր «Թուրքիոյ կողմէ բռնատիրուած ազգութեանց ընկերակցութիւն»։ Հրատարակուեցաւ նաեւ «Հելլէնեւհայ Եղբայրակցութիւն» անունով պրակ մը, որուն մէջ հրատարակուեցան Էլէֆթերիոս Վենիզելոսի, Հաշտութեան Խորհրդաժողովին մէջ հայոց ներկայացուցիչ Պօղոս Նուպարի եւ հայ ղեկավար Արշակ Չոպանեանի ճառերը։ Երբ Վենիզելոս կը ջանար նախագահ Ուիլսընը համոզել՝ թէ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թրակիոյ մէջ հելլէնները թուրքերէն աւելի շատ էին, հայերու պետը, Հաշտութեան Խորհրդաժողովին ուղղուած նամակով մը հաստատեց եւ երաշխաւորեց Վենիզելոսի յիշատակած տուեալները։ Հելլէնեւհայ գործակցութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ հետեւեալ բանաձեւով՝ զոր Դաշնակիցներուն յղեցին Լոնտոնի հելլէնները եւ հայերը՝ միացեալ նիստ գումարելով. «Դարերէ ի վեր թուրքերու կողմէ ճնշուած, չարչարուած ու ջարդուած Թուրքիոյ հելլէն եւ հայ քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները՝ այսօր նիստ գումարելով կը պահանջեն, որ վերջ տրուի հելլենական եւ հայկական հողերու վրայ թրքական տիրապետութեան, զանազան ազգութեանց ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ հիմնել անկախ հայկական պետութիւն եւ Օսմանեան կայսրութեան հելլենական շրջանները միացնել Յունաստանի, եւ լրիւ վնասուց հատուցում պահանջել եւ երկու միլիոն քրիստոնեաներու մահացման պատասխանատուներուն խիստ պատիժներ տնօրինել»։