Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ օգնութեան միութիւնը, երբ Պատգամաւորական ժողով կը գումարէր 1945-ին, յանուն Պատգամաւորական ժողովին հետեւեալ հեռագիրը ղրկած է նախագահ Ռուզվելթին.- Հ. Կ. Խաչը, որ կը ներկայացնէ հայկական ծագում ունեցող ամերիկեան քաղաքացի հազարաւոր կիներ, իր 24-րդ Պատգամաւորական ժողովին, գումարուած՝ Պոսթըն, որոշեց խնդրել ձեզմէ՝ նկատի ունենալ համաշխարհային երկու պատերազմներու հայ զոհերը, որոնք ցրուած են աշխարհի չորս կողմերը: Դուք, որ յայտարարած էք, թէ Միացեալ Նահանգները եւ իր դաշնակիցները կը մղեն այս պատերազմը բոլոր մեծ ու փոքր ժողովուրդներու ազատութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան համար, վստահ ենք, որ ձեր լուրջ նկատառման պիտի արժանացնէք մեր այս խնդրանքը: Մենք կը հաւատանք, որ հայ ժողովուրդին վիճակը բարւոքելու համար անհրաժեշտ է ընդարձակել Խորհրդային Հայաստանի սահմանները՝ անոր կցելով Արեւմտեան Հայաստանի նահանգները, որպէսզի Թուրքիա եւ ուրիշ տեղեր շատ անբաղձալի պայմաններու մէջ ապրող մեր ազգակիցները պատեհութիւն ունենան վերահաստատուելու իրենց հայրենի հողերուն վրայ: Համոզուած, որ համաշխարհային տեւական խաղաղութիւն չի կրնար գոյութիւն ունենալ, այնքան ատեն որ կան ժողովուրդներ, որոնք տուն չունին եւ կ՛ապրին փճացուելու տեւական սպառնալիքին տակ, մենք վստահ ենք, որ դուք պիտի բարձրացնէք ձեր հեղինակաւոր ձայնը եւ պիտի գործածէք ձեր ազդեցութիւնը՝ դարմանելու համար այն բոլոր անարդարութիւնները, որոնց ենթարկուեցան հայերը վերջին տասնամեակներուն ընթացքին: Վստահ ենք նաեւ, որ մեր կռուող ամուսինները ու զաւակները, որոնք ամէն ապացոյց տուին եւ կու տան իրենց հայրենասիրութեան, գոհացում պիտի  զգան այն գիտակցութեամբ, թէ մեր նախագահը եւ կառավարութիւնը պիտի ընեն իրենց կարելին՝ հայ ժողովուրդի արդար պահանջները գոհացնելու համար»: