- Առաւօտեան յունական թերթերը կը գրեն՝ թէ հաւաստի աղբիւրէ հաղորդուած տեղեկութեանց համաձայն, Թուրքիա, վերջերս, Խորհըրդային Միութենէն մեծ քանակութեամբ պատերազմական նիւթեր ստացած է։ Նոյն տեղեկութեանց համաձայն, երկու հազար սովիէթական ինքնաշարժներ, սովիէթ վարչիներով ու սովիէթական ուժերու զօրաւոր հսկողութեան տակ մտած են Թուրքիա եւ յառաջացած երկրին խորքերը։ Նոյն աղբիւրէն հաղորդուած ուրիշ տեղեկութիւններ ալ կþըսեն՝ թէ 250 թուրք զինուորներ ու սպաներ, նոր զէնքերու գործածութեան վարժըւելու համար ղրկուած են Խորհրդային Միութիւն ու վերջերս վերադարձած Թուրքիա։ Հաւաստի տեղեկութեանց համաձայն, վերոյիշեալ երկու հազար ինքնաշարժներով սովիէթները Թուրքիա փոխադրած են հրասանդներ, հրացաններ եւ ուրիշ զանզան ռազմանիւթեր։ Յունական թերթերը կþըսեն՝ թէ դաշնակից երկիրներուն լուր տրուած է այս մասին եւ դաշնակիցները իրենց բուռն դժգոհութիւնը յայտնած են Թուրքիոյ հետեւած քաղաքականութեան համար։
- Կ. Պոլսոյ սովորաբար լաւատեղեակ թերթը՝ «Ենի Կազէթ» կը գրէ՝ թէ շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ շաբաթ, թուրք կառավարութիւնը խորհրդարանէն լիազօրութիւն պահանջէ, Կիպրոսի հարցի վատթարացման պարագային, պատերազմ հռչակելու համար։ Մինչ այդ, թրքական ծովային, օդային ու ցամաքային զինեալ ուժերը կը շարունակեն իրենց նախապատրաստութիւնները։ Մասնաւոր միջոցներ ձեռք կþառնուին հելլէնեւթուրք սահմաններու երկայնքին եւ Թրակիա կը ղրկուին հետեւակ զինուորներ, հրասայլեր եւ հետանի։ Էսկիշեհիրի խարիսխին մէջ օդանաւային ռազմափորձեր պիտի կատարուին։ Առաջին անգամ ըլլալով՝ ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին օդամուղ սաւառնակներ, 100, 1000 եւ 1500 քիլոնոց ռումբեր փոխադրելով։ Ծովային ռազմափորձերուն մէջ իրական ռումբեր պիտի գործածուին։ Թրքական կառավարական շրջանակները կրկին կը շեշտեն՝ թէ տրամադիր չեն Կիպրոսի հարցին շուրջ նախագահ Մակարիոսի հետ բանակցելու, այլ միայն՝ հելլէն կառավարութեան հետ։
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ