- Թրքական սաւառնակով Իզմիրէն Աթէնք ժամանեց Միացեալ Նահանգներու Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Ասիոյ հարցերու արտաքին գործոց օգնական նախարար պրն. Ճոն Ճերնիկան, որ Միացեալ Նահանգներու Աթէնքի դեսպան պրն. Լամպուիսի ընկերակցութեամբ այցելեց արտաքին գործոց նախարար պրն. Քոսթոբուլոսին, որուն հետ կարճ տեսակցութիւն մը ունեցաւ։ Պրն. Քոսթոբուլոս եւ պրն. Ճերնիկան, Հինգշաբթի օր կրկին խօսակցութիւններ ունեցան։ Ամերիկացի փոխ¬նախարարը տեսակցեցաւ նաեւ վարչապետ պրն. Բաբանտրէուի հետ։ Պրն. Ճերնիկան յայտարարեց՝ թէ ոեւէ մէկուն կողմէ առաջարկ չէ բերած։ Պարզապէս իր իրաւասութեան մէջ ինկող շրջանին մէջ շրջապտոյտ կը կատարէ։ Այսօր պիտի երթայ Թեսաղոնիկէ՝ տեղւոյն ամերիկեան հիւպատոսարանը աչքէ անցնելու համար։ Շաբաթ օր պիտի վերադառնայ Աթէնք ու նոր տեսակցութիւն մըն ալ պիտի ունենայ վարչապետ պրն. Բաբանտրէուի հետ։ Պրն. Ճերնիկան Կիրակի օր պիտի մեկնի դէպի Ուաշինկթըն։
- Նախանցեալ օր, Միացեալ Նահանգները դէպի Անջրպետ արձակեցին երկու հոգինոց անջրպետանաւ մը, որ հինգ ժամուան մէջ երեք անգամ աշխարհի շրջանը ըրաւ եւ յաջողութեամբ երկիր վերադարձաւ։ Անջրպետանաւին մէջ կը գտնուէին Կրիսոմ եւ Եանկ աստղանաւորդները, որոնք իջան Հարաւային Ատլանտեան Ովկէանոսին մէջ, Պահամաս կզղիներուն մօտերը։ Երկու աստղանաւորդները թռիչքի ընթացքին, յաջողեցան անջրպետանաւին ուղղութիւնը փոխել ու զայն վարել ինքնաշարժի նման։ Նախագահ Ճոնսըն եւ հարիւր միլիոն Ամերիկացիներ, պատկերասփիւռի միջոցով հետեւեցան երկու աստղանաւորդներու փորձին։ Անջրպետանաւը կը կոչուէր «Մոլլի Պրաուն» եւ երեքուկէս թոն ծանրութիւն ունէր։ Արձակուեցաւ «Թիթան» տիպի հրթիռով։ Երկու աստղանաւորդները այսօր, Ուրբաթ, Սպիտակ Տան մէջ պիտի ընդունուին նախագահ Ճոնսընի կողմէ, որ բարձր ծառայութեանց շքանշան պիտի տայ անոնց։
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ