- 64 տարեկան հայ մը, որ Ամերիկա գացած է 41 տարի առաջ, ներկայիս կ՛օգտագործէ իր հանգստեան թանկագին ժամերը իր հայրենիքին սրբազան մասունքներու մանրանկարները կառուցելով իր պարտէզին մէջ: 1950-էն ի վեր, բնիկ վանեցի Ենովք Տէր Յակոբեան իր ժամանակը տրամադրած է յաւիտենականութեան յանձնելու հայ քրիստոնեայ եկեղեցիի ճարտարապետական գոհարները, որոնք կը ներկայացնեն քրիստոնէական պատմութեան ամենահարուստ եւ ամենախնկելի աւանդութիւններէն մէկը: Այս ձեւով ան վերստեղծած է հայկական վեց եկեղեցիներ ու վանքեր: Այս եկեղեցիները ճշգրիտ կրկնանկարներն են իրականներուն, ուր կը տեսնուին բոլոր մանրամասնութիւնները, սիւները, զանգակատուները, կամարները, խաչերը, դռները եւ ապակեայ պատուհանները: Ներկայիս ճերմակահեր ծերունին կ՛աշխատի 10-րդ դարու կառուցուած Աղթամարի եկեղեցիին վերարտադրութեան վրայ: Արուեստագէտը մասնաւոր շահագրգռութեամբ կը մօտենայ այս նմուշին, որովհետեւ իսկական եկեղեցին կառուցուած է Վանի մօտ, եւ ուր իր հայրը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ քահանայ ձեռնադրուած է: Տէր Յակոբեան կը բացատրէ, թէ իր հայրենակիցները զանազան քաղաքներէ իրեն կը ղրկեն գրքեր, գծագրութիւններ եւ պատկերներ այն շինութիւններէն, որոնց կրկնապատկերը պատրաստելու աշխատանքին լծուած է: Ան ամէն բանէ առաջ Եոնքըրզի իր տան գետնայարկին մէջ կը սկսի պատրաստել խաւաքարտէ մաքեթը կառուցուելիք շինութեան: Ապա չափերն ու համեմատութիւնները յստակացնելէ ետք, խաւաքարտէ զանազան մասերու բաժնելով՝ անոնց վրայ կը պատրաստէ իսկական շինութեան կտորները: Ընդհանրապէս իր շինութիւնները կ՛ունենան 1.5 մեթր բարձրութիւն եւ մէկով մէկուկէս մեթր յատակագիծ: Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին Ենովք Տէր Յակոբեան, ամերիկացի միսիոնարի մը օգնութեամբ, մեկնեցաւ իր ծննդավայրէն եւ մեծ վտանգներէ անցնելով Պոլիս հասնելէ ետք 1923-ին նաեւ բարձրացաւ երթալու համար Պոսթըն: