- Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ»ի Երեւանէն ստացած տեղեկութեանց համաձայն, Հայաստանի մէջ լարուած աշխատանքներ սկսած են՝ Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակը արժանավայել շուքով տօնելու համար։ Ապրիլի սկիզբը լոյս պիտի տեսնէ «Էջմիածին» ամսագրի բացառիկ թիւը։ Աշխատանքները սկսած են՝ վերաշինելու համար Մայր Տաճարի Ս. Ստեփանոսի սեղանը, որ պիտի նուիրուի Ապրիլեան նահատակներուն։ Պատրաստ է նաեւ նախագիծը Յուշարձանին, որ պիտի կառուցուի Մայր Տաճարի հիւսիսային կողմը։ Հիմնարկէքը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 24-ին։ Եղեռնի Յիսնամեակը Հայաստանի մէջ պիտի նշուի հետեւեալ ձեւով.¬ Կառավարական որոշումով՝ Երեւանի մէջ պիտի բարձրացուի մեծ յուշարձան  մը։ Երեւանի եւ այլ քաղաքներու փողոցները պիտի վերամկրտուին նահատակ մեծ դէմքերու անուններով։ Պիտի տնկուին մէկուկէս միլիոն ծառեր։ Գիտական եւ մշակութային հիմնարկութեանց եւ հասարակական կազմակերպութեանց կողմէ պիտի սարքուին հանդիսութիւններ ու պիտի ըլլան զեկուցումներ։ Ապրիլեան Եղեռնի մասին զեկուցումները պիտի կարդացուին բոլոր կարեւոր հիմնարկութեանց, կրթական հաստատութեանց, ինչպէս նաեւ գործատուներու եւ գիւղական ակումբներու մէջ։ Թերթերու եւ ամսագրերու մէջ յօդուած եւ ուսումնասիրութիւններ պիտի հրատարակուին եւ գիրքեր լոյս պիտի ընծայուին։ Ապրիլ 24-ին, տեղի պիտի ունենայ մեծ ուխտագնացութիւն դէպի Կոմիտաս Վարդապետի շիրիմը՝ իբրեւ խորհրդանիշը Ապրիլեան նահատակներուն։

- 1964-ի ընթացքին, 153.185 հելլէն քաղաքացիներ արտասահմանի զանազան երկիրները մեկնած են, հոն աշխատելու համար որոշ շրջան մը եւ կամ՝ մնայուն կերպով հոն հաստատուելու համար։ Մեկնողներէն 112.702ը այրեր էին եւ 40.483ը կիներ։ Յունաստանէն արտագաղթի տարեգրութեանց մէջ, այս թիւը բարձրագոյն թիւն է։ Մեկնողներէն 79.489 գացած են եւրոպական երկիրներ, գլխաւորաբար Արեւմտեան եւ Արեւելեան Գերմանիա։ Արտագաղթողները մեծ մասամբ Հիւսիային Յունաստանէն էին։