- Արտասահմանի հայ գաղութներուն հետ մշակութային կապ հաստատող կոմիտէի մամուլի բաժինը եւ կիներու յանձնախումբը որոշած են կազմել «Անահիտ» խորագրով էջ մը, որ լոյս պիտի տեսնէ ամէն ամիս եւ պիտի ղրկուի արտասահմանի հայ թերթերուն։ Երեւանի թերթերուն համաձայն, այս ձեռնարկին նպատակն է «արտասահմանի մեր հայ քոյրերին ծանօթացնել մեր յաջողութիւնները, պատմել մեր կիների մտորումների եւ յոյզերի մասին, նպաստել ամրապնդելու Խորհրդային Միութեան եւ արտասահմանի հայ կիներուն կապերը»։ Ձեռնարկին յաջողութեան պայմանն է, որ այս էջը զերծ մնայ քարոզչական բնոյթ ունեցող գրութիւններէ։ «Անահիտ»ի առաջին էջին մէջ գրութիւններ ունին Հրաչեայ Քոչար, Գ. Մահարի, Ս. Կապուտիկեան, Գէորգ Էմին, Անահիտ Սահինեան եւ Մ. Մարգարեան։

- Մէկ թոն երկաթաքարէն կարելի է ստանալ քսան-երեսուն խորանարդ մեթր բամպակ։ 1300 աստիճան տաքութիւնը բաւական է, որ այդ ապառաժի պէս կարծր քարէն մնայ միայն հրահեղուկ զանգուած մը, որ, իր կարգին, յատուկ մեքենաներու միջոցաւ կը փոշիանայ։ Գոյացած նիւթը, որ փափուկ եւ մազոտ է, ինչպէս նաեւ թեթեւ է բամպակի պէս, քարին հետ ոչ մէկ նմանութիւն ունի։ Սակայն օժտուած է տաքութիւնը եւ ելեկտրականութիւնը մեկուսացնող յատկութիւնով մը, որ կրնայ օգտագործուիլ թեքնիկ բազմաթիւ նպատակներու համար։ Հայ գիտնականները յաջողած են նաեւ զանազան քարերու թափուկներէն պատրաստել պողպատէն աւելի դիմացկուն նիւթեր, որոնք կ'օգտագործուին խողովակներու, մեքենաներու պատրաստութեան համար։ Ներկայիս ծրագիր կայ շինելու քարաձուլարան մը, որ տարին պիտի կրնայ յիսուն հասար թոն զանազան ամուր իրեր պատրաստել քարերու թափուկներէն։

- Ոստիկանութիւնը բռնագրաւեց «Սենտիքալիստական Թուրքիա» խորագրով նոր հրատարակուած գիրք մը, որը համայնավարական նկատուած է եւ որուն հեղինակը դատախազ Ալի Ֆայըք Ճիհանն է։