Ապահովութեան Խորհուրդը սկսաւ քննել ՄԱԿ-ի հաշտարար ուժերու Կիպրոս բնակութեան պայմանաժամը 3 ամիսով երկարաձգելու հարցը։ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար պրն. Քիփրիանու յայտարարեց՝ թէ թրքական նաւատորմը սկսած է կղզիին մօտերը շարժումներ կատարել եւ թրքական բանակը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ դրուած է, ի հարկին գործունէութեան անցնելու համար։ Շեշտեց՝ թէ Թուրքիա Կիպրոսը ռմբակոծելու կամ Կիպրոս ցամաքահանում ընելու կը պատրաստուի, պարզ այն պատճառով որ, Կիպրոսի կառավարութիւնը իր պաշտպանողական դիրքերը զօրացուցած է հիւսիսարեւմտեան Կիպրոսի Լեւքա գիւղին շուրջ։ Պրն. Քիփրիանու պահանջեց՝ որ ՄԱԿ¬ի միջազգային ուժերը, որոնք ցարդ ձախողեցան իրենց առաքելութեան մէջ, իրենց լիակատար մասնակցութիւնը բերեն բնականոն կացութեան վերահաստատման գործին, որովհետեւ, այլապէս, ակամայ նպաստած պիտի ըլլան կայունացման կացութեան մը, որ ապագային պիտի կրնայ վնասակար ըլլալ քաղաքական լուծման ինչպէս նաեւ՝ պատճառ՝ նոր զինեալ բախումի։ Շարունակելով շեշտեց՝ թէ Կիպրոսի կառավարութիւնը խոստացաւ պաշտպանութիւն ընծայել բոլոր քաղաքացիներուն, անոնք յոյն ըլլան թէ թուրք եւ ՄԱԿ¬ի ուժերուն պարտականութիւնն է անոր օգնել այդ գործին մէջ։ Պրն. Քիփրիանոսէն ետք խօսեցաւ թուրք ներկայացուցիչը՝ պրն. Էրալփ, որ թրքական յարձակողական քայլերը արդարացնելու համար ըսաւ՝ թէ Կիպրոսի կառավարութիւնը բռնի ուժով կþուզէ պարտադրել իր պաշտպանած լուծումը։ Նմանապէս ամբաստանեց Կիպրոսը եւ Յունաստանը՝ թէ հակասահմանադրական քայլեր կþառնեն։ Հելլէն ներկայացուցիչ պրն. Պիցիոս խօսք առնելով ամբաստանեց Թուրքիան՝ թէ Կիպրոսի թուրքերուն դէմ մօտալուտ յարձակման մասին սուտ զրոյցներ կը տարաձայնէ՝ Կիպրացի Թուրքերը տեւական վախի մէջ եւ հրամաններուն տակ պահելու համար։ Պրն. Պիցիոս յայտարարեց՝ թէ Յունաստան համաձայն է որ ՄԱԿ¬ի հաշտարար ուժերը երեք ամիս եւս մնան Կիպրոսի մէջ։