-Զուիցերիացի Հայասէրներու միութեան Կեդր. Մարմինը, 5000 զուիցերիական ֆրանքի յատկացում մը ըրած է, Կիպրոսի վերջին խռովութեանց հետեւանքով նիւթական անձուկ վիճակի մատնուած կիպրահայերու օգնութեան համար։ Զուիցերիացի Հայասէրներու Միութեան Լիբանանի ներկայացուցիչը՝ պրն. Փիթըր Պրաունշուայկ, Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ գեր. Երուանդ Ծ.Վրդ. Աբէլեանին նամակ մը ուղղելով՝ յոյս յայտնած է, թէ այս յատկացումը իսկական օգնութիւն մը պիտի ըլլայ։ Զուիցերիոյ Կիպրոսի պատուակալ հիւպատոսը գերպ. Հայր Սուրբին այցելելով Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, յանձնած է վերոյիշեալ գումարը։ Միւս կողմէ, ամերիկահայ ծանօթ բարերարուհի օր. Լէյլա Գարակէօզեան, ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ի դիմումին՝ հազար լիբանանեան ոսկի ղրկած է յատկացուելու համար Կիպրոսի հայ կարօտեալներուն։
-Վերջերս, ամերիկեան երկու զինուորական սաւառնակներ իրարու զարնուելով օդին մէջ, վար ինկած էին Ամերիկայի Մէյն նահանգէն 700 մղոն հեռու, Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ։ Սաւառնակներէն մէկը վառելանիւթի մթերանոց էր եւ թռիչքի ընթացքին, հրանիւթ կը հայթայթէր երկրորդ սաւառնակի մը։ Անծանօթ պատճառով երկու սաւառնակները իրարու զարնուելով վար ինկած են։ Երկու սաւառնակներուն մէջ կը գըտնուէին ութ օդաչու զինուորականներ, որոնք բոլորն ալ կը կարծուի թէ զոհ գացած են աղէտին։ Անոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ օդանաւորդութեան ուսուցիչ մէյճըր Չարլզ Ի. Մկրտիչեան, զաւակը՝ ընկերուհի Սիրանոյշ Մկրտիչեանի։
-Ֆրանսահայ անուանի նկարիչ Գառզու (Գառնիկ Զուլումեան) Փարիզի Կալըրի Լա Կրավիւռի մէջ սարքած է իր փորագրուած եւ վիմագրուած գործերու ցուցահանդէսը։ Ֆրանսական թերթերը այս առթիւ անգամ մը եւս գնահատական տողերով արտայայտուած են մեծ նկարիչին մասին, որ իր տաղանդին զանազան ձեւերուն մէջ պահած է նոյն ինքնատիպ ու բանաստեղծական ոճը։