- 11 օրէ ի վեր, իսրայէլեան եւ սուրիական սահմանապահ ուժերու միջեւ հրացանաձգութիւններ տեղի կ'ունենան։ Երէկ եւս երկու ժամի չափ հրացանաձգութիւններ տեղի ունեցան եւ ՄԱԿ¬ի դիտողներու միջամտութեամբ վերջ գտան։
- Արեւմտեան Գերմանիոյ տնտեսական գործակցութեան նախարար պրն. Վալթէր Շէլ յայտարարեց՝ թէ Արեւմտեան Գերմանիա անմիջապէս պիտի դադրեցնէ տնտեսական օգնութիւնը արաբական այն երկիրներուն, որոնք իր հետ պիտի խզեն իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները։ Գահիրէի մէջ ալ նախագահ Նասըր յայտարարած է, թէ Իսրայէլը ճանչնալու Արեւմտեան Գերմանիոյ որոշումը գրգռութիւն է արաբական երկիրներուն դէմ։ Նմանապէս ըսած է, որ Արաբ. Միաց. Հանրապետութիւնն ալ պիտի ճանչնայ Արեւելեան Գերմանիան ու կապանքի տակ պիտի առնէ իր երկրին մէջ գտնուող գերմանական դրամագլուխները։ Նախագահ Նասըր ապա շեշտած է, թէ Արեւելեան Գերմանիոյ նախագահ պրն. Ուլպրիխթի իր երկիրը այցելութիւնը սովիէթական ճնշումի տակ չէ եղած։ Նախագահ Նասըր ի վերջոյ յայտարարած է, թէ Արեւմտ. Գերմանիա Եգիպտոսի հետ իր գործառնութենէն ապահոված է 30 միլիոն սթերլինի զուտ շահ մը։
- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար պրն.Ըշըք Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհըրդային Միութեան դեսպաններուն հետ խօսակցութիւններ ունենալէ ետք յայտարարեց՝ թէ նոր կառավարութիւնը մտադիր չէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու։ Թուրքեւամերիկեան յարաբերութեանց մասին եղած հարցման մը պատասխանելով ըսաւ՝ թէ «Վստահ եմ, որ Թուրքիոյ համար բաղձալի է բարեկամական յարաբերութիւններ ունենալ Մ. Նահանգներու հետ։ Սակայն, երկիրներու յարաբերութեանց մէջ կարգ մը հիասթափութիւններ կրնան մեծ հակազդեցութիւններ պատճառել»։ Գալով արաբական եւ ասիական ու ափրիկեան երկիրներու հետ յարաբերութեանց, պրն. Ըշըք շեշտեց՝ թէ թուրք կառավարութիւնը մտադիր է աւելի իրապաշտ քաղաքականութեան հետեւելու։