-Ամենայն հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. վերջերս, Փարիզ գտնուած միջոցին, ընդունած է աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրը։ Փարիզի մեծագոյն թերթերէն «Ֆրանս Սուառ» իր Փետրուար 7-ի թիւին մէջ, առաջին էջին վրայ հրատարակած է Ամենայն հայոց Կաթողիկոսին նկարը հռչակաւոր երգիչին հետ եւ հետեւեալ տողերը գրած. «Շարլ Ազնաւուր երէկ, պահ մը մոռցաւ իր երգերը եւ գնաց Ժան Կուժոն փողոցի հայոց եկեղեցին, հանդիպում մը ունենալու համար այնտեղ հայոց ծայրագոյն Պատրիարք եւ հոգեւոր կեդրոն Էջմիածնի Հայրապետ Վազգէն Ա.ի հետ։ Ազնաւուր Վազգէն Ա.ի խօսեցաւ իր վերջին ծրագրին, իր երրորդ ամուսնութեան մասին, խարտիշագեղ շուէտացի Ուլայի հետ, որ ամիսներէ ի վեր հաւատարիմ մնացած է իրեն։ Շարլ Ազնաւուր Միշըլին Ռիւժէլի հետ ամուսնացած էր 1945-ին, իսկ 1955-ին, իր կեանքը միացուցած էր՝ Էվըլին Փլեսիսի հետ, որմէ ամուսնալուծուած է հինգ տարիէ ի վեր։
-Փետրուար 21-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր ս. պատարագ եւ հոգեհանգիստ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի յիշատակին, վախճանման երկրորդ տարելիցին առթիւ։ Արարողութեանց նախագահած է Խորէն Ա. Կաթողիկոս։ Պատարագած է լիբանահայոց առաջնորդ գերշ. Տ. Տաճատ արքեպիսկոպոս։ Կարգապահութեան հսկած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները։ Յաւարտ ս. պատարագի, Վեհափառ հայրապետն ու պատարագիչ սրբազանը թափորով առաջնորդուած են Զարեհ Կաթողիկոսի հողակոյտին վրայ։ Հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութենէն ետք, Տաճատ արքեպիսկոպոս հոգեշունչ քարոզով մը ներկայացուցած հայրապետին տիպար կեանքը։ Օրհնութեան աղօթքը ըրած է Խորէն Ա. Կաթողիկոս, որ անգամ մը եւս կրկած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան ուխտը՝ հաւատարմօրէն հետեւելու հայրապետի ուղիին եւ բարձ պահելու Կիլիկիոյ աթոռին անկախութեան դրօշակը։