Ստացած ըլլալով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան 25 Յունուարի ատենագրական արձանագրութիւն՝ ստորեւ կը ներկայացնենք յատկապէս Հայկական եղեռնին հետ կապ ունեցող փոխադարձ արտայայտութիւնները, որպէսզի ընթերցողները ամբողջական գաղափար մը ունենան արծարծուած կէտերուն շուրջ.
25 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻ ՆԻՍՏԻՆ ՄԷՋ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Էրքին, անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ հելլէն փոքրամասնութեան վայելած «ազատութիւններուն» ու մեղադրելով յոյները՝ Կիպրոսի մէջ թուրքերու հանդէպ ցոյց տրուած վերաբերումին առթիւ, շեշտած է մասնաւորաբար. – «Մարդկային խիղճը չի կրնար ներել, որ ամբողջ համայնք մը քանդելու փորձ կատարուի եւ ոտքի կոխան դառնան մարդկային տարրական իրաւունքներ: Վստահ եմ, որ այս ժողովը իր որոշումներուն մէջ պիտի ներ- շնչուի մարդկային ազատութեան սկզբունքներէն, երբ քննէ Կիպրոսի ապագայ գոյավիճակին հարցը»: Պատասխանելով Էրքինի այս ամբաստանութեան՝ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանու դիտել տուած է, թէ ինք երբեք նպատակ ունեցած չէր խնդրոյ առարկայ դարձնելու ջարդերու խնդիր մը, ու քանիցս շեշտած էր, որ Կիպրոսի թուրքեւհելլէն կռիւներն ու սպանութիւնները ցաւալի դէպքեր են: Թուրքիոյ ներկայացուցիչը, սակայն, երկու անգամ հելլէններու կողմէ ի գործ դրուած «ջարդերու» ամբաստանութիւն մը յեղյեղած ըլլալով՝ հարկ տեսած է յիշեցնելու. – «Ես զիս հարկադրուած կը զգամ այս ուղղութեամբ արտայայտուելու, երբ նկատի կ՛ունենամ մանաւանդ որ հայերը իրենց մասին մտածողներ չունին այստեղ: Կ՛ուզեմ յայտնել այս ժողովին, թէ այս տարի հայերը պիտի ոգեկոչեն իրենց նահատակները՝ բովանդակ աշխարհի մէջ. պիտի կատարեն 50-ամեակը եղեռնի մը, զոր թուրքերը գործեցին յիսուն տարի առաջ, 1915-ին, մէկուկէս միլիոն հայեր զանգուածային ջարդի ենթարկելով»:
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ