- Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պատմական նշանակութիւն ունեցող Ատիս Ապեպայի ժողովին առթիւ, Եթովպիոյ Հայլէ Սելասիէ կայսրը, Սապայի թագուհիի բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրած է Վազգէն Ա. եւ Խորէն Ա. կաթողիկոսները, երկու այլ եկեղեցական պետերու հետ: Իր կարգին, Խորէն Ա. կաթողիկոս, նոր հաստատուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեծ Խաչի Ա. կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրած է կայսրը, որ եղած է առաջին անձնաւորութիւնը՝ այս շքանշանը իր կուրծքին վրայ կրող։
- Լոնտոնէն կը գրեն մեզի 23 Յունուար թուականով.- ՀՅ դաշնակցութեան Լոնտոնի «Նաւասարդեան» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, 16 Յունուարին տեղի ունեցաւ ընկերա-համակրական հաւաքոյթ եւ խրախճանք՝ «Էլիզա» ճաշարանին մէջ: Երեկոյթի նպատակն էր ի մի հաւաքել ընկերներն ու անոնց ընտանիքները մէկ սեղանի շուրջ, հայկական ընտանեկան մթնոլորտի մէջ: Հացկերոյթի տեւողութեան կը հնչէին ազգային-յեղափոխական խրոխտ երգերը: Երիտասարդներու երգեցողութեան կ՛ընկերանար երէցներու խրպոտ, այլ զգօն ձայնը՝ միաձուլուած ազգային գիտակից խանդավառութեամբ: Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ ընկ. Պետրոս Չպուքճեան, որ դիպուածով Լոնտոն կը գտնուէր: Ընկ. Վ. Աշճեանի հրաւէրով, ընկ. Չպուքճեան իր շնորհակալութեան խօսքը յայտնեց «Նաւասարդեան» կոմիտէութեան ու իր գնահատանքը՝ ներկաներու ստեղծած հայկական առողջ մթնոլորտին համար: Խրախճանքը շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան ժամը երկուքը:
- Գուրգէն Գործունեան, ծանօթ՝ Քամերունի ճարտարարուեստի մարզին մէջ, ի գնահատութիւն իր տարած ջանքերուն՝ իբրեւ սուրճի երկրին առաջին արտածողը, ստացած է Քամերունի Հանրապետութեան կողմէ «Արժէքի կարգի ասպետ»ի շքանշանը: Ազգային կարգի այս պատուանշանը Գուրգէն Գործունեանին յանձնուած է Յունուար մէկին, Քամերունի անկախութեան հինգերորդ տարեդարձին առթիւ։