Հ. Յ. Դ. Երիտասարդաց Միութեան Գարէայի նորակազմ Գարեգին Խաժակ խումբը Ամանորի առթիւ կազմակերպած էր պարհաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի օր, Յունուար 10-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Գարէայի Վասիլիքի Բրոնիայի շքեղ սրահին մէջ եւ արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն։ Հաւաքոյթին բացումը կատարեց Խաժակ խումբի անդամներէն ընկեր Արթիւր։ ՆԵրկաները սեղաններու շուրջ տեղ բռնած՝ հիւրասիրուեցան խնամքով պատրաստուած պնակներով, օշարակով եւ պտուղներով։ Երկու ժամ անընդհատ զուարճանալէ եւ պարելէ ետք, հրաւիրուեցաւ հաւաքոյթին նախագահ ընկեր Յ. Մխիկեան որ ներկաներուն եւ Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութեան Կեդր. Վարչութեան կողմէ շնորհաւորեց Գարեգին Խաժակ խումբը, իր այս անդրանիկ եւ յաջող ձեռնարկին համար։ Ընկերը ապա յիշեցուց՝ թէ 1965ը Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակի տարին է, որու ընթացքին հայ ժողովուրդը աշխարհի բոլոր կողմերը գործի պիտի լծուին, Հայկական Դատը արծարծելու եւ իր բռնագրաւուած հողերը ցեղասպան թուրքէն ետք պահանջելու համար։ Աւելցուց, թէ այս աշխատանքներուն մէջ իր կարեւոր դերը պիտի ունենայ նաեւ հայ նորահաս սերունդը¬ վաղուան հայութիւը։ Ընկ. Սօնա Պէօրէկճեան խոր ապրումով արտասանեց Անուշ Գրիգորեանի մէկ բանաստեղծութիւնը եւ արժանացաւ ջերմ ծափերու։ Ընկ. Գրիգոր Գիզիրեան հմայեց ներկաները՝ իր քաղցրալուր ձայնով երգելով իր յօրինած երկու երգերը՝ «Դու ինձ համար»ը եւ «Մի՛ ամաչիր»ը եւ բուռն ծափեր խլելով։ Կատակաբան ընկ. Գրիգոր Դերձակեան իր սրամիտ կատակախօսութիւններով կուշտ ու կուռ խնդացուց ներկաները։ Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութեան Կեդր. Վարչութեան կողմէ ներկաներուն բաժնուեցան 1965-ի գրպանի օրացոյցեր։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը, որմէ՝ բախտաւորները շահեցան զանազան արժէքաւոր նուէրներ։ Ապա՝ վերսկսան պարերը, որ շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր։ Հաւաքոյթը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ»ով, որ ներկաներուն կողմէ երգուեցաւ յոտնկայս։