Երեքշաբթի, 12 Յունուար 1965 Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ յունահայոց առաջնորդ Սահակ արքեպիսկոպոսի, կիպրահայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Երուանդ ծ. վարդապետի եւ գաւազանակիր-քարտուղար Սուրէն վարդապետի, Ատիս Ապեպա մեկնեցաւ, մասնակցելու համար Եթովպիոյ կայսեր Հայլէ Սելասիէ Ա.-ի հրաւէրով Արեւելեան ուղղափառ եւ դաւանակից քոյր եկեղեցիներու գումարուելիք պատմական համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Յունուար 14-28: Վեհափառ հօր ողջերթ մաղթելու համար Անթիլիասի կաթողիկոսարանը եկած էին լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եւ պետական երեսփոխան մեթր Խաչիկ Պապիկեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ: Ներկաները, միաբան վարդապետներու հետ, ինքնաշարժներու երկար շարքով մը ընկերակցեցան վեհափառ հայրապետի թափօրին, որ օդակայան հասաւ ժամը 3:15-ին, մոթոսիքլիստ ոստիկաններու առաջնորդութեամբ: Օդակայանի պատուոյ հիւրասրահի մուտքին վեհափառը դիմաւորուեցաւ լիբանանեան կառավարութեան ներկայացուցիչ Իզզէտտին Խուրշիտի, ուղղափառ ասորւոց պատրիարքին եւ իր պատգամաւոր եպիսկոպոսներուն, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեանի, պետական հայ երեսփոխաններ՝ Մովսէս Տէր Գալուստեանի, Սուրէն Խանամիրեանի, Անտրէ Թապուրեանի, ազգային իշխանութեանց եւ մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ մեծ թիւով երեւելի ազգայիններու կողմէ: Մօտ տասը վայրկեան հանգիստէ եւ ապա ողջերթի աջահամբոյրէ ետք վեհափառ հայրապետը իր պատգամաւորներով օդանաւ բարձրացաւ: Նոյն օդանաւով մեկնեցաւ նաեւ ասորւոց պատրիարք Հոմսի, իր պատգամաւորներով: Օդանաւը երեկոյեան ժամը հինգին պիտի հասնէր Գահիրէ, ուր գիշերային հանգիստէ մը ետք, առաւօտեան ժամը երեքին կրկին թռիչք պիտի առնէր դէպի Ատիս Ապեպա: