Համազգայինի Գոքինիոյ թատերասիրացին կողմէ Մալխասի «Զարթօնք»ի ներկայացման, անվարան կրնանք ըսել՝ թէ առանց բացառութեան բոլոր դերակատարներն ալ մեծ յաջողութեամբ կատարեցին իրենց դերերը։
Այսպէս, Յարութիւն Սարաճեան (Աշոտ Արսէնեան), Մարի Աւշարեան (տիկ. Մարիամ Արսէնեան), Օննիկ Շանկայեան (Վարդան-Լեւոն), Սոնա Թերզեան (Եւգինէ), Թորոս Մովսէսեան (հարուստ գործարանատէրը), Շաքէ Շանկայեան (Սոնա Կարպովիչ), Ստեփան Պալեան (Արսէնեաններու ծառան), Կարօ Աւագեան (կուսակցական պատասխանատու), Յարութիւն Մխիկեան (երիտասարդ ընկեր), Պաղտասար Սլտրեան (երիտասարդ ընկեր), Պետրոս Կիւրիւնլեան (փախստական ընկեր), Յարութիւն Նալճեան (ֆէտայի), Մատթէոս Աջապահեան (կաղ ֆէտայի), Սուրէն Սափրիչեան (պահակ), Արա Մանկոյեան (սուրհանդակ)։ Բոլորն ալ խորապէս տպաւորեցին հանդիսականները եւ արժանացան բուռն եւ երկարատեւ ծափերու։ Պարտականութիւն կը սեպենք մեր գնահատանքի խօսքը ըսելու նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սիրայօժար սատարեցին «Զարթօնք»ի յաջողութեան։ Այսպէս, մեր սիրելի ընկեր Արշաւիր Գազանճեան, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ստանձնած էր դերուսոյցի եւ դիմայարդարի պարտականութիւնները։ Ընկ. Տիգրան Սրապեան տրամադրած էր ներկայացման յատուկ բոլոր բեմազարդերն ու կարասիները, ինչպէս նաեւ դերակատարներուն հագուստներն ու զէնքերը։ Այս մարզին մէջ թանկագին աշխատանք տարած էր նաեւ ընկ. Ստեփան Պալեան։ Իսկ պրն. Միսաք Ասատուրեան սիրով տրամադրած էր մեծ թիւով գորգեր, որոնք բեմին գեղեցկութեան նպաստեցին։ Դադարի ընթացքին, ընկ. Կարօ Մինասեան ջերմ շնորհակալութիւններ յայտնեց Փիրէայի յարգելի պրն. քաղաքապետին՝ որ ընդառաջելով Համազգայինի դիմումին, սիրայօժար եւ բոլորովին ձրի տրամադրած էր սրահը։ Նաեւ յայտարարեց՝ թէ մօտիկ ապագային, թատերասիրացը պիտի ներկայացնէ Աթենահայ վաստակաւոր երաժշտագէտ եւ երգահան խմբավար պրն. Յ. Փափազեանի «Չարշըլը Արթին Աղա» զուարթ օփերէթը։
(Վերջ)