Արեւմտեան Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ, խանդավառութեամբ տօնուած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան 74-ամեակը։
Նախագահած է ընկ. Քոչարեան եւ բանախօսած՝ ընկ. Գրիգոր Պալըգճեան։ Ներկայ եղած է հոծ բազմութիւն մը։ Երգ, արտասանութիւն եւ հայկական պարեր տաք մթնոլորտ մը ստեղծած են։
Փարիզի Գեղարուեստից վարժարանի սրահին մէջ, վերջերս բացուած է Ֆրանսայի լուսանկարչական արուսետի ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցի նաեւ հայազգի լուսանկարիչ Վարդա, զաւակը՝ Լա Ռոշ-Պեռնարի ծանօթ լուսանկարիչ Կարապետ Վարդապետեանի։ Ֆրանսացի արուսետի քննադատ Մաք Օրլան, ցուցահանդէսի տետրակի նախաբաժնին մէջ, հայ արուեստագէտին մասին հետեւեալ տողերը գրած է.- «Վարդա, գիտակից ստեղծագործ մըն է, որ կը փնտռէ եւ կը գտնէ խորհրդաւոր պայծառութիւնը,- գիտութիւնը, որ կեանք կուտայ անծանօթ դէմքի մը։ Վարդա, գտած եւ ձեռք ձգած ըլլալով այդ լոյսը, որուն փայլը ուրիշներ կը նախընտրեն ծածկել, կը վերադառնայ իր աշխատանոցը։ Գոհ է, գրեթէ երջանիկ, ինչպէս մարդը, որ լաւ գործ մը տեսած է եւ որ հակառակ անոր որ ունի, կը սպասէ ըմբռնուած վարձատրութիւն մը»։
Հայաստանի երկրորդ մեծ քաղաքին՝ Լենինականի մէջ գոյութիւն ունի երկրաբնագիտական եւ երկրաշարժային ուսումնասիրութեանց հիմնարկութիւն մը, որուն ղեկավարն է Ակադեմական Արմենակ Նազարեան, որ ծնած է Փարիզ ու տասնեակ տարիներ առաջ վերադարձած է հայրենիք։ Այս հիմնարկութեան դերն ու աշխատանքը շատ կարեւոր է, որովհետեւ երկրաբնագիտական պրպտումները շատ դժուար են Հայաստանի մէջ։ Արդարեւ, ինչպէս յայտնի է, արդի Հայաստանի 80 տոկոսը ծածկուած է հրաբխային զօրաւոր հոսկերով եւ ժայթքած հանքատեսակներով։ Ուստի անհրաժեշտ էր մշակել նոր եղանակներ՝ այսպիսի իւրայատուկ պայմաններու մէջ օգտակար հանածոներ գտնելու համար։