Յ . Ճելալեանի ստորագրութեամբ կը կարդանք հետեւեալ գրութիւնը. «Թեսաղոնիկէի փոքրաթիւ գաղութը ծանօթ է իր հիւրընկալութեամբ ու խանդավառ ոգիով։

Առաջին առաքինութեան անդրադարձած էի Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքէթի միջմասնաճիւղային մրցումներուն առթիւ իմ նախորդ այցելութեանս ընթացքին, իսկ խանդավառութիւնը գտայ Նոյեմբեր 29ի երեկոն, երբ անպաշտօն կերպով ներկայ եղայ Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած պար-հաւաքոյթին։ Սոյն ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Ֆիլոփթոխոս Ատելֆոթիս» միութեան արդիական, լուսաւոր եւ պատշաճօրէն գեղազարդուած սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 8-ին, ի ներկայութեան հոծ բազմութեան մը ազգայիններու, մասնաւորաբար՝ երիտասարդներու։ Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութան ատենադպիր եղբայր Կարապետ Գասպարեան պատշաճ քանի մը խօսքով նախ բարիգալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ապա յայտնեց՝ թէ սոյն ձեռնարկը եղանակի առաջինն է, եւ ներկայ վարչութեան վերջինը, տրուած ըլլալով որ, որոշուած է Դեկտմեբեր 20-ին գումարել ընդհանուր ժողով, որու ընթացքին պիտի կատարուի նոր վարչութեան ընտրութիւն։ Եւրոպական պարերը յաջորդեցին անմիջապէս, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով սրահին մէջ։ Մինչայդ, ներկաներուն հրամցուեցաւ ճոխ պնակ մը, ըմպելի եւ պտուղ։ Պարի ժամանակ տեղի ունեցան նաեւ հաճելի խաղեր եւ անակնկալներ։ Այս միջոցին Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներուն հետ ունեցայ մասնակի խօսակցութիւն, որու ընթացքին տեղեկացայ՝ թէ ամիսէ մը ի վեր կազմուած է 12-14 տարեկան 12 պատանիներու խումբ մը, որ ամէն Կիրակի ԽԱՆի գոց դաշտին մէջ պասքէթի փորձեր կը կատարէ։ Այս խմբակի մարզիչի դերը ստանձնած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի խմբապետ եղբ. Վ. Գրի-գորեան, որ ծանօթ է իր անձնուիրութեամբ, վեհանձնութեամբ ու մարզական բարձր զգացումներով։ Ասկէ զատ, մեր սիրելի եղբայրները յայտնեցին՝ թէ պասքէթի մայր խումբն ալ  մասնաւոր պատրաստութեան սկսած է, նախ՝ յաջորդ շրջանէն սկսեալ Ա. դասակարգի մասնակցելուն առթիւ, ապա՝ Աթէնքի մէջ տեղի ունենալիք միջմասնաճիւղային բաժակի հանդիպումին համար։