- Կիրակի օր, Լամիայի մօտ, Ղորղոբոթամոս կոչուած վայրին մէջ, գրաւման շրջանին, հելլէն հայդուկներու կողմէ կամուրջի օդահանման 22-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած էր հանդիսութիւն մը, որուն ներկայ եղան կառավարութեան ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ եւ աւելի քան քսան հազար քաղաքացիներ, մեծ մասամբ ձախակողմեաններ։ Հանդիսութեան աւարտումէն մէկ քանի վայրկեան վերջ, տեղի ունեցաւ ահռելի պայթում մը, որ խուճապի մատնեց ներկաները։ Պայթումէն անմիջապէս վերջ, վայրը լեցուեցաւ արիւնով։ Ի՞նչ էր պատահած։ Ներկաներէն մէկը, անգիտակցաբար կոխած էր գրաւման կամ ըմբոստական պատերազմի շըրջանին տեղւոյն մէջ թաղուած ականի մը վրայ, որ պայթած էր մահ ու սուգ սփռելով չորս կողմը։ Ականի պայթումէն մահացան 13 հոգի եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 50 հոգի, որոնցմէ 12ը ոստիկան¬զինուորներ։ Թերթերու տեղեկութեանց համաձայն, փորձագէտներ քննութիւն կատարելով հաստատած են, թէ ականը ըմբոստական կռիւներու շրջանէն մնացած հին ական մըն էր։ Փորձագէտները ականի պայթած վայրէն քիչ հեռու գտած են ուրիշ ականներ ալ, մինչդեռ, 1957-ին, ուրիշ փորձագէտներ շրջանը քննած ու տեղեկագիր ներկայացուցած էին, թէ բոլոր ականները հանուած են ու շրջանը բոլորովին մաքրագործուած է։ Փորձագէտները տեղեկագիր պատրաստած ու յանձնած են կառավարութեան։ Վարչապետ պրն. Բաբանտրէու, Խորհըրդարանին առջեւ տեղի ունենալիք վիճաբանութեանց ընթացքին, պիտի կարդայ փորձագէտներու տեղեկագիրը եւ պիտի տայ հարկ եղած բացատրութիւնները։ Ան պիտի յայտնէ՝ թէ կառավարութիւնը ի՞նչ քայլերու դիմած է պատասխանատուները երեւան հանելու եւ պատժելու համար։

- Թուրքիա երէկ, արարողութեան մը ընթացքին միացաւ Միացեալ Շուկային։ Արեւմտեան Գերմանիոյ ելեւմտական նախարար պրն. Սմիքէր յայտարարեց՝ թէ այսուհետեւ, Միացեալ Շուկայի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներու ճակատագիրները իրարու կը կապուին ձեռնարկի մը մէջ։