Տիեզերական ժողովի Դ. նստաշրջանի ընթացքին խօսք եղած է, որ երիտասարդները կը հետաքրքրուի՞ն Վատիկան Բ. ժողովով:
Ոմանք ցաւ յայտնած են, որ բաւարար չափով չեն հետաքրքրուիր, բայց այս երեւոյթը արդեօք արդիւնք չէ՞ այն պատճառին, որ Տիեզերական ժողովն ալ քիչ կը զբաղի երիտասարդներով, որ թէեւ վաղուան Եկեղեցին են եւ անոնք պիտի գործադրեն Վատիկան Բ.ի որոշումները: Հազիւ երկու-երեք եպիսկոպոսներ ակնարկութիւն ըրած են երիտասարդներուն: Այսպէս՝ գերապայծառ Ռուփ, ներկայիս՝ Մոնաքոյի եպիսկոպոս, որ ըսած է. «Եթէ շարունակենք 13-րդ շեմային մէջ շատ քաղաքավար ձեւով արտայայտուիլ, շատ դիւանագիտական, շատ իգական, Եկեղեցին այլեւս գոյութեան իրաւունք պիտի չունենայ: Ցաւալի է, որ այս շեման ոչ մէկ բան կ՛ըսէ մարդոց գլխաւոր անօթութեան մասին՝ սիրոյ քաղցը: «Ի՞նչ ըսաւ Եկեղեցին, երբ հայերու ջարդը եղաւ. Ո՛չ մէկ բան: Ի՞նչ ըսաւ, երբ եպիսկոպոսներ ձերբակալուեցան: Այս շեմային ոճը մութ է, այդ բաները, իրենք յստակ են: Քիչ բան կ՛ըսենք շատ խօսքերով, մինչդեռ պէտք է շատ բան ըսել քիչ խօսքերով»:
 
 
ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 74-րդ տա րեդարձի տօնակատարութիւնը արժանավայել շուքով կատարուեցաւ կիրակի, 8 Նոյեմբեր 1964, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, շրջանի «Նաւասարդ» ակումբին մէջ, ի ներկայութեան կոկիկ բազմութեան մը: Բացումը կատարուեցաւ լիբանանեան ազգային քայլերգով, որ ունկնդրուեցաւ յոտնկայս: Հանդիսութեան կը նախագահէր Սիմոն Թերճանեան, որ իր բացման խօսքով ոգեկոչեց յիշատակը հայ իրականութեան մէջ անհրաժեշտութիւն ու կշիռ ներկայացնող այս հոյակապ կազմակերպութեան առաքելատիպ հիմնադիրներուն եւ բոլոր այն «Արի արանց», որոնք քալեցին ազատութեան դժուարին ճամբէն՝ առանց երկընտրանքի, ինքնամոռացման եւ գերագոյն զոհողութեան պայծառ գիտակցութեամբ, օր մը, Մասիսի հովանիին տակ կրկին յարութիւն տալու համար վեց դարերու խաւարով վարագուրուած հայուն ազատութեան խորհրդանիշ անկախ Հայաստանին: