- Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 61-րդ տարեդարձին առթիւ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ աւանդական մատաղօրհնութիւն։ Օրեր առաջ, մասնաւոր յանձնախումբեր այցելած էին մեր հայրենակիցներու բնակարաններն ու խանութները եւ ստացած անոնց սրտաբուխ նուէրները, որոնք ինչպէս միշտ, այս տարի եւս լիառատ էին։ Բացի դրամական նուիրատուութիւններէ, նուիրուած էին նաեւ մատաղցու ոչխարներ եւ առատ միս։ Կիրակի առաւօտ, արտասովոր եռուզեռ մը կը նշմարուէր եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ։ Հաւատացեալներ գունդ¬գունդ կը դիմէին եկեղեցի, որ ծայրէ ծայր լեցուած ըլլալով, շատեր հարկադրուեցան մնալ շրջաբակին մէջ։ Երկսեռ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ պրն. Արթիւր Մորճիկեանի, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս կատարեալ ներդաշնակութեամբ կատարեց պատարագի հոգեզմայլ երգեցողութիւնները, վերացումի պահեր պարգեւելով հաւատացեալներուն։ Սարկաւագի պաշտօնը կը կատարէր Աղեքսանդրուպոլսոյ ազգայիններէն պրն. Յարութիւն Գասըմեան։ Պատարագիչ Տէր Անուշաւան Յարութիւնեան հայրը խօսեցաւ հոգեշունչ քարոզ մը, խորապէս տպաւորելով հաւատացեալները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, բոլոր հաւատացեալներուն  բաժնուեցան եկեղեցասէր տիկիններու եւ օրիորդներու կողմէ խնամքով պատրաստուած մատաղի ծրարիկներ։

- Սայկոնի մէջ հազարաւոր ուսանողներ ու պուտտայական քաղաքացիներ ցոյցեր կազմակերպելով պահանջեցին կառավարութեան հրաժարումը։ Ցուցարարները փողոցներու սալայատակներուն վրայ շարունակ պենզին ու քարիւղ ցանելով՝ կրակ վառեցին եւ հրդեհներ ծագեցուցին։ Հսկայ բոցերու ետին պահուետելով՝ ցուցարարները քարերով ու բիրերով յարձակեցան ապահովութեան ուժերուն դէմ։ Շատ մը տեղեր՝ ձեռնառումբեր ալ նետեցին։ Քիչ մնաց որ Սայկոնը հրոյ ճարակ դառնար։ Կառավարութիւնը պաշարման վիճակ յայտարարեց։ Բոլոր համալսարանները եւ վարժարանները փակուեցան ցնոր տնօրինութիւն։