Հոկտեմբեր 23-27 Հռոմի մէջ տեղի ունեցած է  Ընկերվարական Միջազգայինի եօթներորդ համագումարը, իբրեւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ՝ մասնակցած է ընկեր Հրանդ Սամուէլ:

- Վերջերս Պոսթըն ժամանած եւ «Հայրենիք»ի խմբագրատունը այցելած են ընկերներ Հարրի Քարեան եւ Ալեք Փիլիպպոս, որոնք Հայ Կրթական Հիմնարկի Պատգամաւորական Ժողովին մասնակցելու համար Նիւ Եորք գացած էին: Երկու ընկերները սրտապնդիչ տեղեկութիւններ տուած են Պատգ. Ժողովի աշխատանքներուն մասին: Ընկեր Քարեան վերջերս Հայաստան այցելած ըլլալով՝ իր տպաւորութիւնները պատմած է, շեշտելով որ գիւղատնտեսութիւնը յառաջդիմութեան մէջ է եւ ինք շատ գոհ մնացած է վերաշինարարական աշխատանքներէն:

- Վաստակաւոր հանրային գործիչ եւ յեղափոխական ընկեր Հրաչ Փափազեանի մահուան տարելիցին առթիւ, Պէյրութի Ս. Նշան եկեղեցիին մէջ, հոգեհանգստեան մասնաւոր արարողութիւն կատարուած է: Ներկայ եղած են՝ մեծ թիւով ընկերներ եւ հանգուցեալին յիշատակը  յարգող երկսեռ ազգայիններ ու բարեկամներ:

- Օր. Արաքսի Չարխուտեան, դուստրը՝ Սփրինկֆիլտ (Միացեալ Նահանգներ) բնակող տէր եւ տիկին Չարխուտեանի, պետական յատկացումով անգլերէն պիտի դասաւանդէ  Իզմիրի թրքական վարժարանին մէջ: Օր. Չարխուտեան իր Պսակաւորի տիտղոսը ստացած է Սփրինկֆիլտի գոլէճէն. իսկ Արուեստից Մագիստրոսի տիտղոսը՝ Նիւ Ճըրզիի Մաունթ Քլէր Սթէյթ գոլէճէն:

- Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի մահուան 60-ամեակին առիթով, Հայկական Տան սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Իտալիոյ Հայոց, Միլանոյի միութեան եւ Հայկ. Տան վարչութիւններուն՝ արտակարգ շուքով տեղի ունեցած է Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի յիշատակի տօնակատարութիւնը: