Առաջին անգամ Ալֆորվիլ այցելող հայ մը իւրաքանչիւր քայլափոխին կը հանդիպի միջակ ու յառաջացած տարիք ունեցող անցորդներու որոնք բարձրաձայն հայերէն կը խօսին:
Հայերը տարածուած են ամբողջ Ալֆորվիլի մէջ: Արֆորվիլի հայութիւնը 40 տարուան անցեալ մը ունի: Քանի մը տարի առաջ կատարուած քննութեան մը համաձայն, 600 հայ ընտանիքներէն 88-ը բարեկեցիկ են, 337-ը, միջակորեար, 175-ը համեստ: Չքաւոր չկայ: Ալֆորվիլահայերու 90 առ հարիւրին զբաղումն է կարի գործը. անոնք գրեթէ ամբողջութեամբ ուրիշի հաշուոյն կ՛աշխատէին, այսօր իրենցմէ կարեւոր մաս մը խանութներու, օթօներու տէր եղած են ու իրենց քով կ՛աշխատցնեն բազմաթիւ արհեստաւորներ: Հայեր կը զբաղին նաեւ ուրիշ զանազան արհեստներով: Ազատ ասպարէզի կը հետեւին չորս հայեր՝ երկու բժիշկ (մէկը բժշկուհի) երկու ատամնաբուժ: Օտարներու հետ ամուսնութիւնը վտանգաւոր համեմատութիւններու չէ հասած. 42 հայ երիտասարդներ եւ 30 հայ երիտասարդուհիներ օտար ամուսնութիւն կնքած են, ասոնցէ ոմանց զաւակներն ալ հայ կը մեծնան: Դպրոցական տարիք ունեցող տղոց թիւ 300-ը կ՛անցնի. ասոնք կը յաճախեն ֆրանսական վարժարաններ: Ալֆորվիլահայերու մէջ միայն հայերէն խօսողներու թիւն է 175 ընտանիք: Խառն կը խօսին 465 ընտանիք, իսկ 60 ընտանիք, որոնց մէջ պէտք է դնել օտարներու հետ ամուսնացողները, հայերէնը ամբողջութեամբ մոռցած են, հայերէն գիրք ու թերթ կարդացողներու թիւը հետզհետէ կը պակսի: Ունին պզտիկ եկեղեցի մը: Ամբողջ Ֆրանսայի մէջ ամէնօրեայ երկու հայ վարժարաններ գոյութիւն ունին: Ասոնցմէ դուրս ամէնօրեայ հայ վարժարաններ չկան: Ուրեմն, երբ կրթական կեանքի մասին խօսիլ հարկ ըլլայ, պէտք է հասկնալ միօրեայ կամ գիշերային դասընթացքները: Ֆրանսահայերը, ինչպէս նաեւ ալֆորվիլցիները օգտուելով ֆրանսական վարժարաններու հինգշաբթի օրերու դադարէն հաստատած են միօրեայ դասընթացքներ: Այսօր միայն 50 աշակերտներ արձանագրուած են Հինգշաբթի օրուան դպրոցին եւ անոնցմէ միայն 30-35 տղաք կանոնաւորաբար կը հետեւին դասերուն: