Քարերու անձեռակերտ քանդակներու, երկաթաքարէ բնական սիւներու ինքնատիպ թանգարան մըն է Հրազդանի կիրճը։ Հայ մարդուն ձեռքով շինուած, ճոխացած բնութեան մէջ իրենց ինքնատիպ գեղեցկութիւնը ցոյց կուտան բնական քարերը՝ երբեմն իրենց կոշտութեամբ, երբեմն բնական նրբութեամբ։
Հրազդանի երկաթաքարի սլացիկ սիւները՝ չորս, հինգ, վեց, նոյնիսկ եօթը կողմեր ունին եւ աչքի կը զարնեն իրենց բնական «ճարտարապետական» արտասովոր յղկուածութեամբ։ Այս սիւները մերթ ծակոտկէն են, մերթ ապակեփայլ, կամ կապոյտ երանգներով «զգեստաւորուած», երբեմն ալ այնքան յղկուած ու տաշուած՝ որ կարծես քարտաշ վարպետներու գործն է։ Երկաթաքարէ սիւները անառիկ պարիսպներու, հոյակապ պալատներու, դէպի երկինք բարձրացող սանդուխներու կամ երբեմն ալ գեղեցիկ շքամուտքերու պատրանքը կը ստեղծեն այցելուներուն վրայ։ Հրազդանի կիրճին մէջ կան նաեւ «քարէ հովահարներ», «քարէ գորգեր» եւ մինչեւ իսկ «քարէ ջրվէժներ»։ Հրաշագործ բնութեան գեղեցիկ երեւոյթներ են բոլորն ալ։
Երեւանի նկարիչներու ակումբին մէջ զետեղուած է «Մհերին ելքը Ագռաւաքարէն» քանդակը, որ գործն է քանդակագործ Ղուկաս Չուբարեանի։ Արուեստագէտը Մհերին մէջ մարմնացուցած է հայ ժողովուրդի ուժը։ Մհեր իր հուժկու մարմնով եւ ուժերու գերագոյն լարումով ճեղքած է եւ դուրս եկած է Ագռաւաքարէն։ Քուռչկիկ-Ջալալին կը մնայ ետեւ։ Ղ. Չուբարեան հետեւած է Երեւանի Գեղարուեստական Ուսումնարանի գեղանկարչական բաժնին եւ Բազմարուեստից հիմնարկութեան ճարտարապետական ճիւղի դասընթացքներուն։ Վկայականի իբրեւ գործ ներկայացուցած է «Անընկճելին», որ ոչ միայն երիտասարդ արուեստագէտին, այլեւ ժամանակակից հայ քանդակագործութեան աչքի զարնող գործերէն մէկը նկատուած է։ Զանազան դիմանկարներու շարքին, պատրաստած է նաեւ կոթողական գործ մը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի մեծադիր արձանը, որ յառաջիկային պիտի զետեղուի Երեւանի Մատենադարանի մուտքին մօտ։