Նիւ Եորքէն՝ Լեւոն Քէշիշեան հետեւեալ մանրամասնութիւնները կը հաղորդէ ռումանահայ գաղթականներու Նիւ Եորք ժամանման առթիւ.-
Երկուշաբթի իրիկուն, ժամը 9:00-ին, «Փրեզիտենթ էրլայն» օդանաւով այստեղ հասան 96 հայ տարագիրներ, Պէյրութէն (Լիբանան):

Նորեկները դիմաւորելու համար Սան Ֆրանսիսքոյէն յատկապէս եկած էին «Անչա»ի նախագահ Ճորճ Մարտիկեան եւ փոխնախագահ Սուրէն Սարոյեան, որոնք դիմաւորեցին զանոնք օդակայանը: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Ա. Փափազեան եւ Զապէլ Սերոբեան, նոյնպէս օդակայան եկած էին: Գաղթային սպասարկութիւնը նորեկներուն օգտակար ըլլալու համար, բերած էր հայախօս պաշտօնեայ մը՝ Պերճուհի Աւագեանը, Ալպընիէն: Եկած էին նաեւ բազմաթիւ լրագրողներ եւ լուսանկարիչներ, որոնք տեսակցութիւններ ունեցան լրագրողներուն հետ: «Անչա»ն մասնաւոր աշխատանք կատարած էր նորեկներու այս նոր փոխադրութեան համար, եւ իր նախագահ Ճորճ Մարտիկեան բարի գալուստ մաղթեց անոնց՝ այս ազատ եւ մեծ երկրին մէջ նոր կեանք մը սկսելու բարեմաղթութեամբ: Նորեկներու կողմէ շնորհակալութեան խօսք ըսաւ ծանօթ մտաւորական Ս. Սարունի: Այսօր հացկերոյթ մը պիտի տրուի նորեկներուն, Ս. Գ. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցիին մէջ, եւ ապա անոնք պիտի մեկնին իրենց նախընտրած վայրերը: Ուրիշ հայ տարագիրներ եւս պիտի գան այս երկիրը:

Մայիս 19-ին Ֆիլատելֆիոյ (Ամերիկա) Հայ ազգային սրահին մէջ տեղի ունեցած է դասախօսական հաւաքոյթ մը: Դասախօսած է բժիշկ Վահագն Թաշճեան, որ մօտ մէկ ժամ տեւող իր խնամուած դասախօսութեամբ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուցած է «Սրտի հիւանդութեան կանխազգուշական միջոցներու մասին» գիտական ուսումնասիրութիւններ եւ ծանօթութիւններ: Ներկաները ժամ մը ուշի ուշով հետեւած են դասախօսութեան եւ‘ փափաք յայտնած, որ յաճախ տեղի ունենան նման օգտաշատ դասախօսութիւններ: