Կիպրոսի հայ գաղութի ողբալի վիճակին առթիւ, Ամերիկայի Կիլիկեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ առաջնորդ գերշ. Հրանդ արք. Խաչատուրեանի կոչին ընթացք տալով՝ Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատուարժան հոգաբարձութեան եւ արժ. Տ. Արսէն քհնյ. Յակոբեանի ջանքերով,

կազմուած է Կիպրահայ Օգնութեան Յանձնախումբ մը, որ անմիջապէս գործի անցնելով, ձեռնարկած է նուիրահաւաքութեան։ Յանձնախումբը կոչ ուղղած է գաղութին, խնդրելով իր սրտագին աջակցութիւնը, այս առթիւ։

 

Նորապսակ արժ. Տ. Գրիգոր քհնյ. Սիլահեան Օգոստոս 25-ին Պոլսէն Կեսարիա հասած եւ հիւրը եղած է տեղւոյն Առաջնորդական փոխանորդ Տ. Հայկազուն քհնյ. Կարապետեանի։ Օգոստոս 28-ին, Շաբաթ օր Տ. Հայկազուն քահանայի ընկերակցութեամբ նորապսակ Տէր հօր, մասնաւոր ժամադրութեամբ մը այցելած է կուսակալին, ապահովութեան տնօրէնին եւ զանազան բարձր պաշտօնեաներու եւ անոնց ներկայացուցած Գրիգոր Տ. հայրը։ Օգոստոս 30-ին Գիւտ Գօտւոյ տօնին առթիւ նորապսակ Տէր հայրը իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցած է տեղւոյն եկեղեցիին մէջ, որ լեցուած է հաւատացեալներով։ Ներկայ եղած են «Նոր Նեվշէհիր» լրագրի երեք խմաբագիրները, որոնք երկար բացատրութիւններ ստացած են Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մասին եւ չափազանց գոհ մնալով երկու քահանայ հայրերու հետ լուսանկարուած են։

 

Գազապլանքայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր մտաւորական ու հաւատաւոր ընկերներէն Վահան Համբարձումեան։ Ծնած էր Սեբաստիոյ Կովտուն գիւղը, ուր ծնած էր նաեւ մեր աննման հերոս Մուրատը։ Նախնական ուսումը աւարտելէ ետք, մտած էր Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը։ Արպիլեան եղեռնի օրերուն, մտած էր կամաւորական գունդերու մէջ ու կռուած մեր դարաւոր թշնամիին դէմ։ Հայաստանի անկախութեան շրջանին, ընկեր Համբարձումեան իր մասնակցութիւնը բերած էր հայրենիքի կառուցման ու վերելքի աշխատանքներուն։