Անգարայէն ստացուած հեռագրական տեղեկութեանց համաձայն, ներքին գործոց նախարար պրն. Օրհան Էօզթըրաք լրագրողներու մասնաւոր հարցման պատասխանելով յայտարարած է,

թէ թուրք կառավարութիւնը որոշած է Սեպտեմբեր 16-էն այլեւս փոխել հելլենահպատակներու հանդէպ իր մասնաւոր վերաբերումը եւ այլ չվերանորոգել անոնց Թուրքիա բնակութեան արտօնագրերը։ Թուրք նախարարը աւելցուցած է, որ եթէ կառավարութիւնը այս մասին նոր որոշում մը չտայ, ասկէ վերջ հելլենահպատակները պարզ զբօսաշրջիկներ պիտի նկատուին ու երկրէն պիտի հեռացուին։ Կառավարութիւնը ամէն միջոց ձեռք պիտի առնէ, որ հեռացուելիք մօտաւորապէս եօթը հազար հելլենահպատակները իրենց հետ մեծ քանակութեամբ դրամ եւ այլ բաներ չտանին։ Ընդհակառակն, Կոստանդնուպոլսոյ ձայնասփիւռի կայանի մեկնաբանը խօսելով հելլենահպատակներու այս հարցին մասին, ըսաւ՝ թէ հելլենահպատակներէն պիտի արտաքսուին միայն անոնք՝ որոնց Թուրքիոյ համար վնասակար գործունէութիւնը հաստատուած է։ Ըսաւ՝ թէ հելլենահպատակները Սեպտեմբեր 16-էն ետք, ենթակայ պիտի ըլլան օտարահպատակներու վերաբերեալ օրէնքին։ Միւս կողմէ, լուրերու ֆրանսական գործակալութիւնը կը հաղորդէ՝ թէ Տիեզերական Պատրիարք Աթինաղորաս սրբազան, Անատոլու գործակալութեան թղթակիցին պատասխանելով ըսած է, թէ «Տիեզերական Պատրիարքարանին վրայ թուրք կառավարութիւնը ճնշում չէ բանեցուցած»։

ՆԱԹՕ-ի խորհուրդը որոշած է ռազմափորձեր կատարել ռուսեւթուրք սահմաններու ամբողջ երկայնքին։ Այս ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին ամերիկեան, անգլիական, գերմանական, իտալական եւ պելճիքական ուժեր։ Ռազմափորձերու աւարտումէն ետք, ՆԱԹՕ-ի ուժերու պետ զօրավար Լեմնիցըր մտադիր է այս ուժերը երկու մասի բաժնել։ Մէկ մասը պիտի մնայ Յունաստանի եւ մէկ մասն ալ Թուրքիոյ մէջ, այսպէսով երկու երկիրներուն միջեւ բախում մը կանխելու նպատակով։