- Պոլսոյ «Ճիւմհուրիէթ» թերթին մէջ ծանօթ լրագրող Նատիր Նատի կը շարունակէ հրատարակել իր յուշերը: Խօսելով իր հօրը՝ Եունուս Նատիի մասին, կը գրէ. Հայրս առանց ձանձրանալու տարիներով աշխատած է, որպէսզի Թուրքիա ժամ առաջ տիրանայ յառաջդիմական արեւմտեան կարգուսարքին:  Թէեւ ան կրակոտ ազգայնասէր մըն էր, բայց ազգայնամոլ չէր: Ան ինքզինք թուրք նկատող ամէն մարդու թրքութեան կը հաւատար: Ա. Աշխարհամարտին Թալէաթ փաշային յստակօրէն ըսած էր, որ ճիշդ չի գտներ հայոց դէմ իրենց որդեգրած ընթացքը: Փոքրամասնութիւնները գիտէին հօրս այս գործունէութիւնը, անոր համար կը յարգէին զայն: Զինադադարին Տամատ Ֆերիտի կառավարութիւնը հետապնդում կատարեց հօրս դէմ, որպէսզի անգլիացիներուն յանձնուի եւ Մալթա քշուի, այն ատեն մեր հայ դռնապանը՝ Գալուստն է, որ զայն գաղտնօրէն փախցուց մեր յարկաբաժնի սպասարկութեան դուռէն:

- Միւճիւր Օֆլուօղլու «Տիւնիա» թերթին մէջ կ՛անդրադառնայ Էլիա  Քազանի հակաթուրք «Ամերիքա, Ամերիքա» անուն ժապաւէնին եւ ի մէջ այլոց կը գրէ.- «Ժապաւէնին մէջ մազը մօրուքը իրարու խառնուած թուրքերը քրիստոնեայ տուները (մասնաւորաբար հայոց տուները) մտնելով՝ կը սպաննեն առանց մանուկի եւ կնոջ միջեւ խտիր դնելու: Ժապաւէնը էզանով կը սկսի: Ամէն յարձակումէ ետք էզան կը կարդացուի եւ քրիստոնեաները լոյսերը մարած, մութ տուներու մէջ, քիթ քիթի հաւաքուելով՝ կ՛աղօթեն: Հայկական խնդիրը եւ ջարդը կը ներկայացուի Քազանի հայեցակէտով եւ մանրամասն կը շահագործուի: Բայց շատ յոռի ժապաւէն մը երեւան բերելով՝ ամէն կողմէ կրեց պարտութիւն մը, զոր պիտի չմոռնայ: Հետաքրքրութեամբ կը սպասուի նաեւ, թէ վերջերս իր նախահայրերուն ապրած հողերը տեսնելու համար մեր երկիրը եկած գրագէտ Սարոյեան ալ ինչե՛ր պիտի գրէ արդեօք իր հայեցակէտով: Ինչպէս յայտնի է, Սարոյեան հայ է: Ընտանիքը Պիթլիսէն Ամերիկա գաղթեր  է: Բարեկամ մը ըսաւ, որ յոռի մտայնութեամբ եկեր է, բայց տեսած ջերմ շահագրգռութիւնը, թուրք մտաւորականներու ճանչցուած ըլլալը Թուրքիան շատ սիրցուցած են Սարոյեանին:  Անմոռանալի յիշատակներով մեր երկրէն վերադարձեր է»: