Աթենահայ տաղանադաւոր երգչուհի տիկին Ծաղիկ Գազանճեան, մասնաւոր հրաւէրով, օդային գծով կը մեկնի Արժանթին, մէկ քանի երգահանդէս տալու համար մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի եւ Գորտոպայի մէջ։

 

Արժանթինէն ետք, շնորհալի երգչուհին հաւանաբար այցելէ նաեւ Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ երկիրները՝ Պրազիլիա, Ուրուկուէյ եւ Վենեզուելա, այդ երկիրներու մեր հայրենակիցներուն համար ալ մէկ քանի երգահանդէս տալու։ Ինչպէս ծանօթ է, տիկին Գազանճեան փայլուն յաջողութեամբ աւարտած է Պետական Երաժշտանոցը եւ արուեստը կատարելագործած Հռոմի հռչակաւոր Սանթա Չիչիլիա Ակադեմիային մէջ, ուրկէ վկայուած է առաջին մրցանակով։ Մասնակցած է Պետական Օփերայի մէջ Ֆաուսթի ներկայացման, ստանձնելով Մարկրիթի գլխաւոր դերը։ Բազմաթիւ երգահանդէսներ տուած է Աթէնքի եւ Պէյրութի մէջ՝ արժանանալով ջերմ ու խանդավառ գնահատանքի։


Թեսաղոնիկէի մէջ, կրօնական արարողութիւններէն յետոյ, վեհապետը բացումը կատարեց տեղւոյն Միջազգային Ցուցահանդէսին, ի ներկայութեան վարչապետ պրն. Ե. Փափանտրէուի, նախարարներու եւ տեղական իշխանութեանց։ Ցուցահանդէսի վարչութեան նախագահ պրն. Ե. Վելլիտիս վեհապետը ողջունելով ըսաւ. «Հպարտ ենք, որովհետեւ, ժողովուրդներու այս խաղաղ հանդիպման մէջ ձեր ներկայութիւնը աւելի փայլ կուտայ հանդիսութեան ու նաեւ կը նպաստէ ցուցահանդէսի գործի արդիւնաւէտման, պահու մը, երբ հելլենական սրտերը յուզումով կը բաբախեն ի տես այն բուռն պայքարին, զոր իրենց անկախութեան համար կը մղեն հելլենականութեան հարաւային սահմանապահները...»։ Ապա խօսեցաւ առեւտուրի նախարար պրն. Մելաս, որ շեշտեց թէ 2200 ցուցադրողներ կը մասնակցին 29 երկիրներէ, որոնց հետ Յունաստան առեւտրական լայն յարաբերութիւններ ունի։