Թրական անխնայ ռմբակոծումներէն վերջ, ձգտեալ վիճակ կը տիրէ Կիպրոսի մէջ։ Հակառակ անոր որ միջադէպերը նուազած են զգալիօրէն, կացութիւնը կը մնայ լուրջ եւ կը սպասուի աւելի ծանրակշիռ երեւոյթներու։

Որոշ է որ թրքական ռմբակոծումները Կիպրոսի ժողովուրդին վրայ խոր ազդեցութիւն գործեցին։ Սակայն եւ այնպէս, Կիպրացիները որոշած են պայքարը շարունակել ուժգնօրէն, վստահ ըլլալով վերջնական յաղթանակին։ Անցեալ Կիրակի օր հրացանաձգութիւնը Նիկոսիոյ մէջ տեւեց աւելի քան երեք ժամ, որու ընթացքին փամփուշտները կը հասնէին մինչեւ Առժամեայ Ազգային Առաջնորդարանը եւ Ազգային Իշխանութեան կարգ մը բնակարաններու պատերը։ Հակառակ այս կացութեան, մեր ժողովուրդի բարոյականը բարձր է։ Այն ընտանիքները, որոնք փոխադրուած էին Կանաչ Գիծը, որ կը բաժնէ Յունական շրջանը Թրքականէն, վերջին դէպքերուն պատճառաւ, Ազգային Իշխանութեան միջամտութեամբ փոխադրուեցան աւելի ապահով վայրեր։ Առաջնորդարանը ժամադրավայր դարձած է մեր ժողովուրդին։ Հոն կը դիմեն բոլորը՝ հայցելու համար մեր վերին իշխանութեանց աջակցութիւնը եւ պէտք է հոս նշել, որ մեր Կաթողիկոսական փոխանորդ Գեր. Երուան Ծ.Վրդ. Աբէլեան եւ իրեն շուրջ բոլորուած Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները ամէն ջանք կը թափեն՝ նուազեցնելու համար տառապանքը մեր գաղութին։ Այս ընթացքով մեր գաղութի թիւը օր ըստ օրէ կը նուազի։ Կը սպասուի որ նոր կարաւան մը ճամբայ ելլէ (Օգոստոս 28-ին) դէպի հայրենիք։ Մօտ 5000 հաշուող գաղութէն հազիւ 2000 հոգի մնացած է, գաղութին մէկ զգալի մասը գաղթած ըլլալով Անգլիա, վերջին դէպքերուն պատճառաւ։ Երկար տարիներ ինքնաբաւ, բարգաւաճ եւ շէն Կիպրոսի հայ համայնքը, որ իր օգնութիւնը երբեք չէր զլացած բոլոր ազգօգուտ նպատակներու, դժբախտաբար, կը ցաւինք որ միւս գաղութներէն օգնութիւն հայցելու դիրքին մէջ կը գտնուի այսօր, խորապէս վիրաւորուած զգալով իր ազգային հպարտանքը։