Յունաստանի ֆութպոլի լաւագոյն խումբերէն «Փանիոնիոս», երեք բարեկամական մրցումներու համար օրերէ ի վեր կը գտնուի Խորհըրդային Միութեան մէջ։

«Փանիոնիոս» առաջին հանդիպումը ունեցաւ Երեքշաբթի օր, Մոսկուայի մէջ, «Թորփետօ» խումբին հետ, որ Խորհրդային Միութեան մրցաշարքին մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ։ Խաղը վերջացաւ 3-3 հաւասար արդիւնքով։ Ուրբաթ երեկոյ, «Փանիոնիոս» Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ մրցեցաւ Վրաստանի զօրաւորագոյն խումբին՝ «Լոքոմոթիվ»ի հետ։ Արդիւնքը եղաւ՝ 3-1 ի նպաստ «Լոքոմոթիվ»ի։ Երկուշաբթի օր, «Փանիոնիոս» Երեւանի մէջ կը մրցի Հայաստանի ախոյեան «Արարատ» զօրաւոր խումբին հետ։

Աթէնքի առաւօտեան մեծագոյն թերթերէն «Վիմա» իր Կիրակի օրուան թիւին մէջ վերոյիշեալ խորագրով կը գրէ.- Վերջերս Աթէնքէն անցաւ ամերիկահայ գրագէտ Լեւոն Սիւրմէլեան։ Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուած եւ բացառիկ յաջողութեամբ տասնէ աւելի լեզուներու թարգմանուած բազմաթիւ գործերու հեղինակ, պրն. Սիւրմէլեան գլխաւորաբար լայնօրէն ճանչուեցաւ «Ձեզի կը հարցնեմ», տիկիններ եւ պարոններ» գործով, որ արտակարգօրէն յըղկուած ոճով կը նկարագրէ 1915-ին, Պոնտոսի մէջ հայոց ջարդերը։ Սիւրմէլեան այս ջարդերէն ազատած է Տրապիզոնի հելլէնի մը - տոքթոր Անտրէաս Մեթաքսասի շնորհիւ, որ փախցուցած է իր ընտանիքը եւ կեանքը վտանգելու գնով փրկած է ուրիշ 35 հայեր ալ։ Ատոր համար ալ, պրն. Սիւրմէլեան ջերմ հելլենասէր է։

65 տարեկան հասակին մէջ իր մահկանացուն կնքեց Լեհաստանի նախագահ Ալեքսանտր Զաւացկի։ Հին համայնավար էր։ Մասնակցած էր Ռուսական յեղափոխութեան կռիւներուն։ Հայրենիքին մէջ հալածուելով՝ ապաստանած էր Ռուսաստան, ուր 1937-ին, Սթալինեան բռնատիրութեան շրջանին ձերբակալուած եւ պարտադիր աշխատանքի բեւեռային կայանները ղրկուած էր։ Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին ազատ արձակուած եւ Սթալինկրատի կռիւներուն մասնակցած էր։ Պատերազմէն ետք, Լեհաստանի նախագահ ընտրուած էր 1952-ին։