- Ռումանահայ գիտնական տիկին Աննա Ասլան, առաջին գիծի վրայ կը գտնուի բոլոր այն գիտնականներուն մէջ, որոնք  կը զբաղին մարդկային օրկանիզմի վերանորոգումով ու կը ջանան կեանքին աւելի շատ տարիներ ու տարիներուն ալ՝ աւելի շատ կեանք տալ։ Եւ ասոր պատճառը հետեւեալն է։ Օրկանիզմի  վերանորոգման իր մեթոտը, որ հիմնուած է երիտասարդացնող «Ժերովիթալ Հ. 3» դեղին վրայ, զուիցերիացի գիտնական Փոլ Նեհանսի մեթոտէն աւելի արդիւնաւէտ եւ աւելի աժան դուրս եկաւ։ Անցեալին լայնօրէն գրուած է դարմանումի այն զանազան մեթոտներուն մասին, զորս գիտնականները կը գործադրեն բջիջներու վերանորոգումը ապահովելու համար։ Միշտ զարմանք պատճառած է  Աննա Ասլանի մեթոտը եւ գործածած դեղը՝ այսինքն Նովոքայինը։ Պէտք է ըսել՝ թէ Նովոքայինը Աննա Ասլան չէ հնարած այլ՝ գերմանացի փրոֆէսօր մը։ Գերման փրոֆէսօրը ձգեց գիտական նոթեր,  զորս ուշադրութեամբ ուսումնասիրեց Աննա Ասլան եւ անոնցմէ ներշնչուելով շարունակեց իր գիտական հետազօտութիւնները։ 1961-ին, 40 տարեկան հասակին մէջ Աննա Ասլան առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուց իր մեթոտը, որ նոր հորիզոններ կը բանար Ծերագիտութեան մէջ։

- Գալիֆորինիոյ Սան Ֆերտինանտօ Հովիտի Ս. Նահատակաց հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, Յուլիս ամսուան հերթական ժողովին մէջ միաձայնութեամբ որոշած է 1964 Սեպտեմբերին բանալ հայկ. Երկրորդական ամէնօրեայ վարժարան մը, եկեղեցւոյ կից շէնքին մէջ, իրականացնելու համար ամերիկահայութեան տարիներու փափաքը։ 1964-65 տարե- շրջանին երկրորդական վարժարանը պիտի ունենայ 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ կարգեր։ Պետական վարժարաններու կրթական ծրագրի կողքին, որ պիտի կիրարկուի նոյնութեամբ, ամէնօրեայ դասաւանդութիւն տեղի պիտի ունենայ  հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի, համաձայն ուսանողութեան կարողութեան։ Դպրոցի ուսուցչական կազմը պիտի բաղկանայ կարող եւ վկայեալ ուսուցիչներէ, համաձայն պետական կրթական օրէնքի։