Քղիէն նոր վերադարձող հայրենակից մը՝ Մամիկոն Աշըգեան, մասնաւոր նամակով մը հետեւեալ տեղեկութիւնները տուած է Քղիի ներկայ վիճակին մասին.-
Համեւրոպական առաջին պատերազմին եւ կոտորածի արհաւիրքի օրերուն հրաշքով մը փրկուեցայ թուրքի արիւնոտ եաթաղանէն եւ հազար ու մէկ դժուարութիւններէ ետք հասայ մինչեւ Խարբերդ: Հոն ալ ահ ու սարսափի մէջ կեանքս քարշ տուի, մինչեւ որ կոտորածի վախը փարատեցաւ, չափով մը: Միջոց մը վերջ ամուսնացայ եւ վերադարձայ Քղի, իմ ծննդավայր Օսնակ գիւղը, ուր պատսպարուեցայ պապենական տան մէջ: Վերադարձիս թուրքերը զարմացան, թէ ինչպէ՜ս կրցած եմ փրկուիլ չէթէական խումբերու եւ քիւրտ խուժանի եաթաղանէն, կամ՝ ինչպէ՞ս առանց վախի վերադարձած եմ ծննդավայր: Այնուամենայնիւ, որեւէ դժուարութիւն չտուին ինծի եւ այդպէս ապրեցայ ամբողջ 48 տարի: Եղայ զաւակներու եւ թոռներու տէր եւ միշտ փարած մնացի կրօնիս ու քրիստոնէական հաւատքիս, որովհետեւ վստահ էի, թէ մենք կրնանք մեռնիլ, բայց հայութիւնը կ՛ապրի, եւ անպայման օր մը կ՛իրականանան իր երազները: Քղիի հայրենակցականի հիմնադրութեան օրերուն պաշտօն ստացայ պրպտումներ կատարելու վերապրող քղեցիներ գտնելու, այցելեցի Քղիի բոլոր գիւղերը եւ գտայ 90 քղեցիներ. քաջալերեցի զիրենք, որ իրենց ազգութիւնը եւ կրօնը չմոռնան, կրօնափոխ չըլլան. այնուհետեւ տեղեկագրեցի հայրենակցական միութեան՝ իրենց անուն մականունով եւ անմիջապէս ստացայ նիւթական օգնութիւն՝ բաժնելու համար վերապրողներուն: Այսպէս շարունակուեցաւ եւ կը շարունակուի մինչեւ այժմ: Քանի մը տարի առաջ այս վերապրողներէն 10 հոգի մեկնեցան Պոլիս: Զաւակներս ալ իրենց ընտանեկան պարագաներով մեկնեցան Քանատա՝ շնորհիւ եղբօրս նիւթական զոհողութեան. իսկ ես մօտ 4 ամիս առաջ եկայ Քանատա եւ միացայ զաւակներուս ու եղբօրս: Այժմ Քղիի մէջ կան տակաւին 30 հայեր: Երկու խօսք ալ՝ Քղիի ներկայ վիճակին մասին: Ցաւով պիտի յայտնեմ, որ երբեմնի շէն Քղին այժմ աւերակ է, չկան եկեղեցիներն ու վանքերը, չկան դպրոցներ եւ պալատանման շէնքերը, թուրքին ձեռքերը քանդած են բոլորը. բուերն են, որ կը տիրապետեն այդ աւերակներուն վրայ: